2012-05-17 13:08:28

Հինգշաբթի 17 Մայիսին Տօնն Է Յիսուսի Համբարձման


Համբարձման տօնին նշանակութիւնը եւ աւանդութիւնները։
՜՜Համբարձում՝՝ կը նշանակէ ՜՜բարձրացում՝՝:
Համբարձումը Յիսուսի յարութիւն առած ու փառաւորուած մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու յիշատակումին
տօնն է, որ տեղի կ՛ունենայ միշտ Հինգշաբթի օր, Յարութեան 40րդ օրը:
Յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն երեւնալէ ետք, 40րդ օրը իր
աշակերտներուն հետ Ձիթենեաց լեռ բարձրացաւ ուր յայտնեց իր աշակերտներուն .
՜՜երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք ու իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, Հրէաստանի, եւ Սամարիայի մէջ, մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը՝՝: Մինչ Յիսուս կ՛արտասանէր այս խօսքերը, երկինք կը բարձրանայ մինչեւ որ ամպերը ծածկեն զԻնք աշակերտներուն տեսողութենէն:
Համբարձման Տօնի Ժողովրդական Աւանդութիւնները......
(բանաստեղծուհի- հաղորդավար Սոնիա Թաշճեանի ակնարկը Համբարձման Տօնի աւանդութիւններու մասին յատուկ Tert.am-ին) ։ (2012)
Յարութեան Սուրբ Զատկի տօնէն քառասուն օր ետք Հայ Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Յիսուսի Համբարձման տօնը, իսկ ժողովուրդը այդ տօնը կը կոչէ կաթնապուրի կամ վիճակի տօն: Կաթնապուրի տօն, որովհետեւ հայկական աւանդութեան համաձայն այդ օրը բոլոր ընտանիքները կաթնապուր կը պատրաստեն, իսկ վիճակի տօն, որովհետեւ այդ օրը վիճակ կը քաշեն:
Ըստ ժողովրդական աւանդազրոյցի, այդ օրը նաեւ սիրահարուածներու տօն է եւ կախարդական զօրութիւններով օժտուած գիշեր:
Տարուան միակ գիշերն է, երբ Լէյլի եւ Մէճնուն սիրահար աստղերը երկնակամարի վրայ կը հանդիպին եւ ջերմ կը գրկախառնուին. համբոյրի պահուն ամբողջ տիեզերքը մէկ ակնթարթ կանգ կ’առնէ. եւ մարդիկ այդ վայրկեանին կը յայտնեն իրենց իղձերը, որոնք անպայման կը կատարուին: Այդ ողջագուրումէն ետք բոյսերը իրարու կը պատմեն իրենց իւրաքանչիւրի ի՞նչ դեղ - դարման ըլլալը եւ կանայք վաղ առաւօտեան կ’երթան դաշտերը դեղաբոյսեր հաւաքելու:
Նմանօրինակ պատմութիւն է նաեւ Բասէնի աւանդազրոյցը. Ալատաղ եւ Քոսատաղ լեռները արեւածագէն առաջ կու գան Արազի ափին գտնուող Վարդհեր վանքի մօտ գրկախառնուելու եւ իրենց կարօտն առնելու: Ալատաղը հարուստ քիւրտի աղջիկ է եղած, իսկ Քոսատաղը` հայ տէրհօր տղայ: Անոնց յարաբերութիւնը կ’արգիլուի ծնողներու կողմէն. ստիպուած սիրահարները Համբարձման գիշեր կը փախչին: Ծնողներու անէծքի պատճառով անոնք կը քարանան եւ լեռներ կը դառնան, հեռուէն կը նային իրարու եւ իրենց արցունքները կը դառնան ձիւնի շերտեր:
Վանի ազգագրութեան մէջ կը պատմեն, որ այդ գիշեր հրաշքով կը բացուի Փոքր Մհերի քարայրի դուռը. եւ անվախ տղաները հնարաւորութիւն ունին երթալու եւ ոսկի հաւաքելու այնտեղէն:
Չորեքշաբթի օր աղջիկները 7 հոգիով խումբեր կը կազմեն եւ կ’երթան ծաղիկ հաւաքելու. կ’այցելեն 7 տարբեր աղբիւրներ եւ իրենց կարասի մէջ կը լեցնեն 7 - ական ափ ջուր եւ 7 - ական աղբիւրի մանր քար. այնուհետեւ 7 տարբեր տեսակի 7 - ական ծաղիկ եւ 7 - ական ծառի տերեւ: Յետոյ իւաքանչիւրը իր իրերէն մէկը կը դնէ կարասի մէջ, կարասը կը զարդարեն ծաղիկներով եւ վզնոցով, երբեմն նաեւ հիւսքեր կ’ընեն, յիշատակելով Անահիտ աստուածուհին: Այս կարասը պետք է դրուի բաց երկնքի տակ, որպէսզի խորհրդաւոր գիշերուան կախարդանքը իջնէ կարասի մէջ, սակայն ապահով տեղ, որովհետեւ սիրահարուած տղաները կրնան գողնալ զայն: Սովորութիւն է նաեւ ծաղկեպսակներու եւ ծաղկեփունջերու պատրաստութիւնը, որպէսզի յաջորդ օրուան տօնախմբութեան ժամանակ անով զարդարեն իրենց ճակատն ու մազերը, իսկ ծաղկեփունջերով կը զարդարեն տան տարբեր անկիւնները:
Իսկական տօնախմբութիւնը յաջորդ օրն է. առաւօտ կանուխ կը սկսին եփել կաթնապուրը, որ կը համարուի աստուածային կերակուր եւ սովորութիւն է մատաղի նման զայն բաժնել 7 տարբեր տեղեր. որոշ տեղեր նաեւ առաջին շերեփը կը լեցնեն իրենց արտին մէջ, ակնկալելով տարուան բերքի առատութիւն:
Եկեղեցիները եւ վանքերը միշտ լեցուն են ուխտաւորներով. հին օրերէն մնացած է վանքի ծառերուն վրայ ուխտաւորներու թաշկինակ կապելու սովորութիւնը:
Հին ժամանակ, դեռ ևս քանի մը տասնամեակ առաջ, Համբարձումը եղած է ընտանեկան տօն. բոլորն այդ օր կ’երթայն դաշտերը. իսկական տօնախմբութիւն տեղի կ’ունենայ. ճաշկերոյթ, երգ, պար, խաղեր: Վիճակի ծիսակատարութիւնը կը կատարուի բացառապէս միայն կանանց եւ աղջիկներու խումբերով: Հարսի նման կը հագցընեն աղջնակ մը, գլխին քօղ կը դնեն եւ ան կարասէն պիտի հանի իրերը: Արարողութեան աւարտէն յետոյ կարասի պարունակութիւնը կը լեցնեն դաշտի մէջ, դարձեալ բարեբերութեան ակնկալիքով:
Հին ատեն Համբարձումի տօնակատարութիւնները կը սկսէին չորեքշաբթի:
Կիները այդ օրը կը կոչէին Ծաղկամօր կիրակի: Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, քրիստոնեայ Վարվառ կոյսն է, որ կռապաշտ հօրմէն փախուստ տալով կ՛ապաստանի Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը: Հայրը կը հետապնդէ աղջիկը, զայն կը գտնէ քարանձաւին մէջ եւ կը սպաննէ: Մահանալէն առաջ աղջիկը կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ծաղիկի եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները բժշկուին. այդպէս ալ կ՛ըլլայ, եւ այդ քարանձաւը կը դառնայ ուխտատեղի: Քարանձաւի պատերէն մնայուն կերպով ջուր կը հոսի. ժողովուրդը կը հաւատայ, որ անոնք Վարվառէ կոյսին արցունքներն են:
Սակայն Համբարձումը նախ եւ առաջ` քրիստոնէական տօնակատարութիւն մըն է եւ մեր ժամամուտը սքանչելիօրէն կը մեկնաբանէ աշխարհէս հրաշալի վերացումը Քրիստոսի։ Իսկ շարականագիրը կը նկարագրէ հիացմունքը վերնականներուն, այսինքն երկնքի բնակիչներուն, որոնք կը տեսնեն թէ ինչպէս անձ մը կը բարձրանայ երկրէն եւ կու գայ դէպի երկինք. Անոնք կը բացագնաչեն. Ո՞վ է սա որ դիմեալ գայ յերկրէ, այսինքն ո՞վ է այս անձը որ երկրէն կու գայ դէպի մեզ։ Սա մարդացեալ Քրիստոսն է որ, կու գայ վերագրաւելու իր փառքի աթոռը, սակայն ան զգեցած է մարդկային մարմին եւ զայն փառաւորելու համար է որ կը վերանայ դէպի երկինք, պահելով իր մէջ երկու բնութիւնները, մարդկայինն ու աստուածայինը, յաւիտենականօրէն։
Համբարձման օրը անուանակոչութեան տօնն է Համբարձում, Համբիկ եւ Հմայեակ անունները կրող անձերուն. մեր շնորհաւորութիւնները անոնց...








All the contents on this site are copyrighted ©.