2012-05-16 13:08:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 16 մայիսի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի անուան Հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն։

Ունկնդրութեան սկիզբը Սրբազան Հայրը կոչ մը ուղղեց Մակի կողմէ հաստատուած Ընտանիքի միջազգային օրուայ առթիւ որուն նշումը կատարուեցաւ 15 մայիսին եւ որ այս տարի նուիրուած է ընտանիքի եւ աշխատանքի միջեւ ներդաշնակութեան ու հաւասարակշռութեան ստեղծման։ Աշխատանքը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - պէտք չէ արգելք հանդիսանայ ընտանիքին այլ պէտք է նեցուկ կանքնի անոր ու միացնէ զայն, օժանդակելով որ Ան բացուի կեանքին ու յարաբերութեան մէջ մտնէ ընկերութեան ու եկեղեցւոյ հետ։ Կը մաղթեմ որ Կիրակի օրը որ Տիրոջ ու յարութեան նուիրուած օր է, ըլլայ հանգստեան օր մը եւ առիթ մը աւելիով ամրապնդելու ընտանեկան կապերը։

Այս կոչը կատարելէ ետք ու շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները, Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ Պօղոս առաքեալի թուղթերու մէջ գտնուող աղօթքներու մասին։
Առաքեալին համար աղօթքը ամէնէն առաջ` Հօր եւ Յիսուս Քրիստոսի կենսունակ ներկայութիւնն է մեր մէջ` Սուրբ Հոգիին միջոցաւ -ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Որքան աւելիով կը յառաջանանք Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ այնքան աւելիով կը զգանք մեր մարդկային սահմաններու իմաստը ու Տիրոջ վրայ վստահելու անհրաժեշտութիւնը։ Իր ներկայութեամբ եւ գործունէութեամբ, Հօր եւ Որդւոյ Հոգին, մեզ կը փոխակերպէ ու կ՛իրականանցէ Քրիստոսի հետ մեր միութիւնը։ Ան մեր գործունէութեան սկիզբն է ու մեզ կարող կը դարձնէ յաղթահարելու վախն ու ստրկութիւնը եւ ապրելու Աստուծոյ զաւակներու ազատութիւնը, որ Բարիի եւ Կեանքի ի սպաս ազատութիւն մըն է։
Քրիստոսի Հոգիով զօրացած հաւատացեալին աղօթքը կը մասնկացի ժամանակաշրջանի ցաւերուն եւ մարդկութեան յոյսի ներշնջում կը դառնայ։
Սիրելի բարեկամներ, այնպէս ինչպէս Սուրբ Պօղոսը մեզի սորուեցուց, Սուրբ Հոգւոյն ներկայութեան ու գործունէութեան տրամադրութեան տակ դնենք մենք զմեզ - ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ Ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու հրապարակի վրայ գտնուող որոշ ընկերակցութիւններու եւ թեմերու ներկայացուցիչները որոնց շարքին նշենք Կաթողիկէ <<Շալոմ>> հասարակութիւնը որ այս տարի կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 30 ամեակը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
Համբարձման տօնը որ պիտի յիշատակենք վաղը- ըսաւ Ան - մեզ կը հրաւիրէ նայելու երկինք բարձրացող Յիսուսին որ իր աշակերտներուն կը պատուիրէ ամէնուրէք տանիլ փրկչագործ աւետիսի լուրը։

Սիրելի երիտասարդներ` ձեր խանդաւառութիւնը դրէք Աւետարանի ի սպաս. Դուք սիրելի հիւանդներ` ձեր ցաւերը ապրեցէք Տիրոջ հետ միութեան մէջ, որպէսզի արժէքաւոր նպաստ մը տաք Աստուծոյ Արքայութեան եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ձեր ընտանեկան սիրով վկայեցէք Քրիստոսի սէրը։

Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւնը աւարտեց բոլորին տալով իր հայրական օրհնութիւնը։

Յետ միջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Գլեմենթինայ սրահին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Կինոյի մը ցուցադրութեան նուիրուած սուրբ Կոյսին <<Նազարէթի Մարիամ>> վերտարութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.