2012-05-16 12:47:09

Մոսկուայի Մէջ Որդեգրուած՝ Միացեալ Հռչակագիր ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 մայիսին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհուրդի Յոբելենական նիստին, որ նուիրուած է Հաւաքական Անվտանգութեան վերաբերող Պայմանագիրի Ստորագրութեան 20-ամեակին եւ Կազմակերպութեան ստեղծման 10-ամեակին:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները անդրադարձած են միջազգային ներկայ խնդիրներուն, համաշխարհային ու շրջանային մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու անվտանգութեան սպառնալիքներուն հակազդելու հետագայ միացեալ քայլերուն: Քննարկուած են նախորդ տասը տարիներուն ընթացքին կազմակերպութեան տարած գործունէութեան հիմնական արդիւնքները:
Նիստի աւարտին որդեգրուած է միացեալ հռչակագիր մը , ուր միջազգային իրավիճակի զարգացման հիմնական ուղղութիւններուն եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան արժեւորումը կատարուած է:

Կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն ղեկավարները յիշեալ փաստաթուղթով նաեւ հաստատած են Հաւաքական Անվտանգութեան վերաբերող Պայմանագիրին նպատակներուն եւ սկզբունքներուն նուիրականութիւնը, արտաքին քաղաքականութեան, ռազմական եւ ռազմական-արհեստագիտական բնագաւառներուն մէջ, անդրազգային մարտահրաւէրներուն եւ անվտանգութեան ու կայունութեան սպառնացող վտանգներուն հակազդելու իմաստով դաշնակցային յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու պատրաստակամութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.