2012-05-16 12:52:35

''Լռութիւն Եւ Խօսք. Հաղորդամիջոցները Այսօր. Մարտահրաւէրներ Եւ Տագնապներ>> /a>


Ի տես 2012-ի Հաղորդակցութեան Համաշխարհային 46րդ Օրուայ նշումին, չորեքշաբթի 16 մայիսի երեկոյեան ժամը 6ին. Ռատիովատիկանի Մարքոնի անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Լռութիւն եւ խօսք. հաղորդամիջոցները այսօր. մարտահրաւէրներ եւ տագնապներ>> նիւթով կլոր սեղան մը որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Գերապայծառ Տոմէնիքօ Բոմբիլի` Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Ազգային Գրասենեակի Տնօրէնը, Տիար Ճանբիէթրօ Կամալէրի` Հռոմի Roma Tre համալսարանի դասատու, Հայր Ճուլիօ Ալպանէզէն՝ յիսուսեաններու <<Ժողովուրդներ եւ Առաքելութիւններ>> ամսաթերթի տնօրէնը եւ Տիար Միքելէ Ծանծուքի՝ տնօրէնը <> պարբերաթերթի ։Հաւաքը կը վարէ լրագրող Րիքքարտօ Քրիսթիանոն։
Կլոր սեղանի ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ Միքելէ Ծանծուքիի <<Լռութիւնը եւ Խօսքը։ Լոյսը. Ունկնդրում. հաղորդում եւ հաղորդամիջոց>> վերտառութեամբ հատորի ներկայացումը, որուն մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ յատկապէս ներկայ ընկերային հաղորդամիջոցներու մասին, որ արագ շարժող առօրեայ աշխարհին մէջ շատ անգամ իրենց հորիզոններէն կը ջնջեն մարդ էակը։ Մեկնելով արդիական հաղորդակցութենէն հեղինակը կը խորհրդածէ <<Լռութիւն ու Խօսք>> բառերու մասին, հասնելով այն եզրակացութեան թէ հարկ է ունենալ հաղորդակցութիւն մը մարդկային, որ ծառայէ մարդուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.