2012-05-15 09:58:53

Սրբազան Քահանայապետը Պիտի Մասնակցի Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը աւարտելէ ետք Արեցցօ Թեմին կատարած միօրեայ Հովուական Այցելութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ հովուական այցելութիւնը կատարելու Միլանօ` 2 եւ 3 յունիսին իր մասնակցութիւնը բերելու Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումին որ տեղի պիտի ունենայ Միլանօ քաղաքին մէջ յառաջիկայ 30 մայիսէն մինչեւ 3 յունիս։ Ընտանիքներու 7-րդ համաշխարհային հանդիպումի ընթացքին նախատեսուած է աստուածաբանական ու հովուական ՜՜Գիտաժողովով՝՝ մը, որու աւարտին համերգ մը պիտի ներկայացուի Միլանոյի աշխարհահռչակ Սքալա Թատերասրահին մէջ։ Յայտարգիրը կը նախատեսէ նաեւ ՜՜Ամենասուրբ Հաղորդութեան՝՝ պաշտամունքը, որ տեղի պիտի ունենաղ Միլանոյի Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.