2012-05-15 12:34:25

Միասնաբար Գործենք Եւրոպայի Ի Խնդիր։
Աշխուժ համամիութենական հոսանք մը։


12 մայիս 2012-ին Եւրոպայի 22 երկիրներու 144 քաղաքները իրարու հետ կապի մէջ էին միասնաբար տօնախմբելու ''Միասնաբար Եւրոպայի համար'' վերտառութեամբ` ծրագիրի երրորդ տարուայ հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ։
Հազարէն աւելի եկեղեցական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ միատեղ համախմբուած էին Պրիւքսէլի Gold Hall կոչուած հրապարակի վրայ։
Եւրոպայի միութեան նախագահը տիար Հերման Վան Ռամբուի իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. ՜՜ այս հանդիպումը Եւրոպայի կեանքն է։ Այս նախաձեռնութեան մասնակցող 144 քաղաքները կարողացան իրար հետ կապի մէջ մտնել հեռուստատեսիլի միջոցաւ՝՝։ Գաղթականութեան պատասխանտու իտալացի նախարարը` Անտրեա Ռիգարտի հրաւիրեց մասնակցողները հաղորդելու յոյսը։ ՜՜Եւրոպայի մեծագոյն դժբախտութիւնը պիտի ըլլայ յոյսի պակասը՝՝ - ըսած էր Ան։
Նշենք որ ''Միասնաբար Եւրոպայի համար'' հանդիպումը ունի որպէս նպատակ ՜՜ճանչցնել Եւրոպայի մէջ գոյացող շարժումներու եւ հասարակութիւններու ներկայութիւնն ու գործօն յանձնառումը Եւրոպայի ընկերային ու քաղաքական մարզերուն մէջ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.