2012-05-15 12:39:38

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն Պատուիրակութեան Այցը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան։


Հանդիպում պատրիարքի օգնական եպիսկոպոս՝ արհիապատիւ Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեանին հետ։
Երկուշաբթի, 14 մայիս 2012-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքի օգնական եպիսկոպոս, արհիապատիւ գերապայծառ տէր Յովհաննէս Թէյրուզեանին, պատրիարքարանի իր գրասենեակին մէջ, Ժեհթաուի:
Այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ գերապայծառը տեղեակ պահելու ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մասին եւ զայն հրաւիրելու ներկայ գտնուելու 27 մայիս 2012-ին տեղի ունենալիք Մայիսեան փառատօնին:
Գերապայծառ հայրը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը` յարատեւ վերելք մաղթելով միութեան, հաստատելով թէ անպայման ներկայ պիտի գտնուի Մայիսեան փառատօնին:








All the contents on this site are copyrighted ©.