2012-05-15 12:34:36

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն.
ՏՐԴԱՏ Գ. ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ (287– 330)


Խոսրով Ա.-ի սպանութենէն ետք` (252), իր որդին Տրդատ տակաւին մանուկ էր. Իր հարազատները զինք Հռոմ փախցուցին, ուր գրեթէ 30 տարի մնաց կայսրերու խնամակալութեան տակ։ Մինչ այդ Հայաստանը զոհ կ՛երթար պարսիկներու խժդժութիւններուն։ Հռոմ քանիցս փորձեց պատերազմիլ պարսիկներու դէմ, սակայն չկրցաւ յաղթել անոնց, որոնք տէրը մնացին ոչ միայն Պարսկաստանի եւ Միջագետքի, այլ նաեւ բոլոր Միջին Արեւելքի, ներառեալ Սուրիան, Կապադովկեան եւ Կիլիկիան։
Տրդատ Գ. թագաւոր հայոց
272 թուին` Աւրելիոս կայսրը սկսաւ արշաւել Պարսկաստանի վրայ եւ գրաւեց Միջին Արեւելքը։ Տրդատ` օգտուելով այս արշաւանքի յաջողութենէն, ընկերացաւ կայսեր այս երկրորդ արշաւանքին, 287-ին, եւ պարսիկները դուրս վտարելով, տիրացաւ իր հօրը գահին։ Այս շրջանին`Հայերուն միացաւ Չինաստանէն եկած ազնուական իշխան մը, Մամքուն անունով, որ հաստատուեցաւ Հայաստան, իր ընտանիքին հետ, թագաւորի խնդրանքին վրայ. Դարերու ընթացքին` անոնց ընտանիքը, որ կոչուեցաւ Մամիկոնեան, իր քաջարի զօրավարներով` պիտի հանդիսանար փառաւոր գերդաստան մը, որ միշտ հաւատարիմ պիտի մնար Հայոց թագաւորական տոհմին։
Ներսեհ պարսից թագաւոր ընդդէմ Դիոկղետիանոս կայսեր
293-ին Սասանեան գահը բարձրացաւ Ներսեհ թագաւորը որ 296-ին պատերազմ հռչակեց Հռոմի դէմ. Սակայն մինչ այդ` Հռոմի կայսերական գահին վրայ նստած էր ամենամեծ կայսրերէն մին, Դիոկղետիանոս, որ իր նախկին փայլը դարձուց Հռոմի. Ան մօտ բարեկամ էր Տրդատի եւ միասին կրցան ջախջախիչ յաղթանակ մը տանիլ պարսկական բանակին վրայ. Ներսեհ անմիջապէս հաշտութիւն առաջարկեց եւ գրեթէ բոլոր Միջագետքը թողուց Հռովմայեցիներուն։ Դիոկղետիանոս ընդարձակեց դէպի արեւելք հայակական թագաւորութեան սահմանները եւ ամրացուց Հայաստանը, զօրացնելով անոր բոլոր սահմանները։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ դարձի կը բերէ Հայաստանը (301)
Ըստ աւանդութեան, Գրիգոր Պարթեւ ազգի կը պատկանէր եւ որդին Անակ իշխանին, որ դաւադրութեամբ սպաննած էր Տրդատի հայրը` Խոսրով թագաւորը։ Անակի սպաննութենէն ետք` ընտանեօք փախան Կեսարիա, ուր Գրիգոր մեծցաւ քրիստոնեայ կրօնքին մէջ. Երբ Տրդատ Հայաստան եկաւ, Գրիգոր մտաւ անոր ծառայութեան մէջ. 287-ի յաղթանակէն ետք` երբ ան մերժեց զոհ մատուցանել Անահիտ աստուածուհիին, յայտնելով իր քրիստոնէութիւնը, Տրդատ զինք չարչարել տուաւ ու նետեց Խոր Վիրապին մէջ, բանտ մը ուր Գրիգոր մնաց 13 տարիներ, բարեպաշտ կնոջ մը կողմէ կերակրուելով. Երբ թագաւորը ծանրօրէն հիւանդացաւ, իր քոյրը Խոսրովիդուխտ, տեսիլքի մէջ Գրիգորը տեսնելով, եւ իմանալով որ ան տակաւին ողջ է, հանել տուաւ զինք բանտէն. Գրիգոր բժշկեց թագաւորը, որ դարձի եկաւ իր բոլոր ընտանիքին հետ եւ հռչակեց քրիստոնէութիւնը որպէս պաշտօնական կրօնք Հայաստանի, մօտաւորապէս 301 թուին։
Գրիգոր եւ Տրդատ կը տարածեն քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ.
Դիւրին չեղաւ Հայաստանի քրիստոնէացումը. Շատ մը տեղեր ընդդիմութիւններ տեղի ունեցան, գլխաւորաբար Տարօն գաւառին մէջ, ուր հեթանոս քուրմերը պատերազմ հռչակեցին թագաւորին դէմ. Անոնք պարտուեցան եւ Գրիգոր օգտուեցաւ, տաճարներու փոխարէն եկեղեցիներ կառուցելով։ Թագաւորը զինք ղրկեց Կեսարիա, ուր օծուեցաւ կաթողիկոս։
330 թուին մեռաւ Տրդատ եւ Գրիգոր ճգնեցաւ Սեպուհ լերան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.