2012-05-15 12:39:26

Աւելի քան 300 Հազար Փորթուկալացի Հաւատացեալներ Մասնակցած Են ֆաթիմայի 95-րդ Ուխտագնացութեան, որ ամէն տարի տեղի կ'ունենայ 13 մայիսին։


Ուխտաւոր հաւատացեալներու մտահոգութիւնը երկրի տնտեսական տագնապը եւ նոր սերունդի գործազրկումը։
Հակառակ երկրի տնտեսական տագնապին կիրակի 13 մայիսին աւելի քան 300 հազար Փորթուկալացի հաւատացեալներ մասնակցեցան ֆաթիմայի 95-րդ Ուխտագնացութեան։
Հաւատացեալները իրենց աղերսանքը բարձրացուցին Տիրամօր որպէսզի օգնութեան հասնի մասնաւորապէս երիտասարդներուն։ Նոյնպէս Եկեղեցին հաւատացեալներուն պարզեց ֆաթիմայի Տիրամօր յոյսի պատգամը։ Սրբավայրին առաջնորդը գերապայծառ Մարթօ իր քարոզին մէջ ըսաւ որ շուկաները ստեղծուեցան մարդկութեան ի սպաս եւ ոչ թէ մարդը ի սպաս շուկաներուն։ Իր կարգին կարտինալ Ռավազին` մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, հրաւիրեց ուխտաւորները աւելի եղբայրակցութիւն ցուցաբերելու ու պատրաստ ըլլալու օգնութեան հասնելու թշուառականներու։ Նշենք որ 13 մայիս 2012 ֆաթիմայի սրբավայրը կը տօնէր Տիրամօր երեւումին 95րդ տարեդարձը երեք փոքրիկ հովիւներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.