2012-05-15 12:34:46

«Վերջին Օրերուն Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Յարձակումներուն Ետին Ալ- Քայիտայի Դաշնակից Ահաբեկչական Խմբաւորումներ Կը Կանգնին» Կ՛ըսէ Կեննատի Կաթիլով։


Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց փոխ-նախարար Կեննատի Կաթիլով լրագրողներուն յայտնեց, որ «շատ յստակ է, որ վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումներուն ետին Քայիտայի դաշնակից ահաբեկչական խմբաւորումներ կը կանգնին»: Ան նշեց, որ հաստատ տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին, թէ զինեալներուն շարքին լիպիացի եւ արաբական այլ երկիրներէ վարձկաններ կան:
Ֆրանսայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Օրլով «Թէ.Վէ.5» պատկերասփիւռի կայանին, «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ միացեալ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննանի ծրագիրի յաջողութեան համար տակաւին առիթ կայ, շեշտելով որ Ռուսիա իր կարելին պիտի ընէ այդ ծրագիրի ձախողութիւնը կանխարգիլելու համար:
Ան սակայն զգուշացուց, որ «Քոֆի Աննանի ծրագիրը Սուրիոյ վերջին առիթը ըլլայ: Կը կարծենք, որ այս ծրագիրը յաջողութեան առիթ ունի»: Ռուս դիւանագէտը ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ պէտք է «բոլոր քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակէ»:
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Դեսպանատունէն news.am-լրատու գործակալութեան երէկ յայտնած են, որ Րաֆֆի Քարճեան Հոմսի իր բնակարանին մէջ սպաննուած է: Դէպքին մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն:

Հուսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի վերահաստատեց, որ Իրան սուրիական ներքին հարցին մէջ արտաքին որեւէ միջամտութեան դէմ է, վստահեցնելով, որ սուրիական տագնապի լուծումը արտաքին չէ, այլ կարելի է բոլոր կողմերուն միջեւ լուծումի փոխզիջումային տարազ մը գտնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.