2012-05-15 12:39:56

«Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Թուրքիոյ Քաղաքական Վերնախաւին Համար Երազ Է» Կ՛ըսէ Օրհան Փամուք։


Նոպելեան Մրցանակակիր, թուրք գրող Օրհան Փամուք Սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով քրտական հարցին յայտնած է, որ «Թուրքիոյ գլխուն քրտական հարցը կախուած է, եւ կառավարութիւնը չի մտածէր այդ հարցը լուծել հանդուրժողական եւ փափուկ կերպով : Ատոր համար ալ հին գործելաոճերուն կը դիմէ»:
Փամուք նշած է, որ «Անատոլուէն եկող եւ իշխող ՝՝Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում՝՝ կուսակցութեան սատարող քաղաքական նոր վերնախաւ մը կը ձեւաւորուի», ինչ որ Պոլսոյ մէջ գոյութիւն ունեցող վերնախաւին դժգոհութիւն կը պատճառէ:
Թուրք գրողը նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին: «Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միութեան հաւատացող մարդոց սրտերը կոտրուած են: Նախ Սարքոզիի եւ Մերքելի յայտարարութիւնները, ապա 2008-ի ելեւմտական ճգնաժամէն Թուրքիոյ կրած վնասները, մթագնեցին Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարը»( ըսած է ան):
Փամուք նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները վերջին տասը տարիներուն ընթացքին զգալի կերպով անկում կրած են: «Եւրոպան կը շարունակէ Թուրքիոյ հին վերնախաւին համար երազ մնալ, սակայն տնտեսական պայթումը այդ յուզումը նուազեցուց, որովհետեւ Եւրոպայի հետ միանալը աւելի տնտեսական փափաք էր եւ ոչ թէ քաղաքական» ( ըսած է Օրհան Փամուք):








All the contents on this site are copyrighted ©.