2012-05-14 12:56:55

Յիսուսեան Հայր Զիատ Հիլալ Սուրիոյ Հոմս Քաղաքին Մէջ, Պայքար Կը Մղէ Երկրի Մէջ Հաշտութեան Ի Խնդիր։


Զուիցերիոյ մէջ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Զիատ Հիլալը յայտնած է թէ ինք իր առաքելութիւնը կը վարէ Հոմս քաղաքի մէջ, որ ներկայիս բեմ է զինեալ բախումներու, ներկայ վարչաձեւի ու ընդդիմութեան միջեւ։ Նկատի առնելով որ երկու կողմերու դիրքերը անհաշտ են, քանի որ երկուքն ալ կը ձգտին տիրանալ իշխանութեան, աւելի լաւ է շեշտը դնել նոր սերունդին վրայ ու կրթել զանոնք հանդրժողութեան։
Ներկայիս հայր Զիատ Հիլալը իր դպրոցին մէջ ունի շուրջ 200 աշակերտներ որոնք միայն քրիստոնեայ չեն այլ կան նաեւ իսլամներ՝ ըլլայ սիւննիդ եւ ըլլայ ալաուիդ հասարակութիւններուն անդամ։ Կ'ուզեմ նպաստել մարդոց միջեւ երկխօսութեան որպէսզի անոնք կարենան իրարզիրար ճանչնալ ու հասկնալ, միմիայն այսպէսով կարելի պիտի ըլլայ կերտել այս երկին ապագան -հաստատած է Յիսուսեան վարդապետը - ։








All the contents on this site are copyrighted ©.