2012-05-14 12:56:34

Թայուանի Եկեղեցին Մնայուն Սարկաւագներու Դրութիւնը Կը Հաստատէ Աւետարանի Քարոզութեան Համար։


Թայուանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը վճռած է մնայուն սարկաւագի դրութիւնը հաստատել համապատասխանելու համար ներկայ հովուական պահանջին։ 150 տարուայ պատմութեան ընթացքին Թայուանի եկեղեցին կարիքը չէ ունեցած մնայուն սարկաւագներու։ Սակայն կղերին ծերանալուն ու քահանայական կոչումներու նուազումի պատճառաւ անհրաժետ դարձաւ մնայուն սարկաւագներու ներկայութիւնը Աստուծոյ խօսքը քարոզելու համար։
Դրաձի Հոնկ Գոնկը եւ Սինկափուրը շատոնց ներմուծած են մնայուն սարկաւագներու դրութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ լաւ փորձառութիւն ալ ունին։ Թայպէյի Թեմը դիմած է Հոնկ Գոնկի եկեղեցիին խնդրելոը որ մասնագէտ մը ուղարկէ մնայուն սարկաւագներու պատրաստութեան համար։ Թայուանի եպիսկոպոսներու գնահատումով մնայուն սարկաւագները կարող են պատասխանատուութիւն ստանձնել այն ժողովրդապետութիւններուն մէջ ուր մնայուն քահանայ մը չի գործեր։ Յայտնենք որ Թայուանի կղզիին մէջ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 600 եկեղեցիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.