2012-05-14 12:57:48

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Քուէյթի Շէյխուհի՝ Շէյխա Ֆարիհա Էլ-Ահմատ Ալ-Սաբահը


Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, 13 Մայիսին, Գարեգին Բ. ընդունեց, Քուէյթի շէյխուհի՝ Շէյխա Ֆարիհա ալ-Ահմադ Ալ-Սաբահը որ նաեւ Քուէյթի ՜՜Օրինակելի Մայր՝՝ անուան հիմնադրամի նախագահն է, եւ անոր գլխաւորած՝ պատուիրակութիւնը, ուղեկցութեամբ՝ երկու երկիրներու դեսպաններուն։
Հանդիպման սկիզբը Քուէյթի մէջ ՀՀ դեսպան Ֆադեհ Չարչօղլեան ներկայացուց Շէյխայի այցելութեան նպատակը՝ նշելով, որ ան բարեգործական մեծ աշխատանքներ կ՝իրականացնէ տարբեր երկիրներու մէջ, օգնութիւն ցուցաբերելով կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Գարեգին Բ վեհափառը, ողջունելով Քուէյթի շէյխուհիի այցը խօսեցաւ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութիւններուն մասին, նշելով որ անոնք մշտապէս յատկանշուած են ջերմ եղբայրութեամբ եւ բարեկամութեամբ եւ որ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած՝ գեղեցիկ աւանդոյթներու արտայայտութիւնները այսօր տեսանելի են Քուէյթի մէջ։
Վեհափառը իր ուրախութիւնը յայտնեց, երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական արդիւնաւէտ յարաբերութիւններուն սերտացման համար նաեւ խնդրեց Շէյխա Ֆարիհայէն որ իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը փոխանձէ Քուէթի Էմիրին եւ իշխանութիւններուն՝ անոնց հայկական համայնքի հանդէպ ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքին համար։ Նաեւ գնահատեց Շէյխա Ֆարիհան իր մարդասիրական գործունէութեան համար։
Իր կարգին Շէյխա Ֆարիհա խօսք առնելով իր ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան եւ մասնաւորապէս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին այցելելու կապակցութեամբ, եւ անդրադարձաւ Քուէյթի մէջ առկայ կրօնական հանդրժողականութեան բարձր մակարդակին, ինչպէս նաեւ երկրի տարբեր ոլորտներու զարացման գործին մէջ հայութեան կարեւոր դերակատարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.