2012-05-13 11:41:50

2012-ը Հայ Գիրքի Տարի, Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ։
Աստուածաշունչ Մատեանը- Յոյսի Կեանքը։


2012-ը՝ Հայ Գիրքի Տարին է ու Աստուածաշունչ Մատ֊եանը այս իմաստով պիտի համարենք ՙԳիրքերուն Գիրքը՚: Այսպէս ներկայացուց Հրայր Ճեպեճ֊եան իր դասախօսութեան սկիզբը` ՙԱստուա֊ծաշունչ Մատեան Յոյսի Կեանքը՚ խորագրով, որ կազմակերպուած էր կիպրահայ թեմի վար֊չական ժողովին` քրիստոնէական դաստիա֊րա֊կութեան Տեղական Մարմնին կողմէ` Հայ Գիրքի տարուայ առթիւ։
Դասախօ֊սութեան շարքը սկսաւ Աստուածաշունչ Մատեանով։
Հրայր Ճէպէճ֊եան նախ ներկա֊յացուց Աստուա֊ծա֊շունչի երկու մասերը` Հին եւ Նոր կտակարան֊ները ու քաջալե֊րեց ներկաները զայն նկատելու որպէս մէկ ամբող֊ջութիւն:
ՙՀին կ֊տակարանի Աստո֊ւածը, որ հրեայ ժողովուրդը դուրս բերաւ Եգիպտո֊սէն նոյնն է, որ ղրկեց իր Որդին աշխարհ եւ որ Խաչուեցաւ բայց նաեւ Յարութիւն առաւ՚, ըսաւ ան: Ապա ան խօսեցաւ Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին մեր հայ ժողովուրդի պատ֊մութեան մէջ` 301 թուականէն սկս֊եալ ուր հայերէն գիրերու գիւտը եւ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը մեծապէս սատարեցին հայ մշակոյթի զարգացման:
Հրայր Ճեպեճեան ապա ներկայացուց Աստուածաշունչի Աստուա֊ծաբանութիւնը եւ բացատրեց. ՙԵս եմ յարութիւնը եւ կեանքը՚ (Յովհ. 11:25):
Ան ընդգծեց ՙ''Ես եմ՚''ի հասկացողութիւնը` ինչ որ իւրայատուկ կը դարձնէ քրիստոնէական կրօնքը եւ անոր փրկութեան ու նոր կեանքի հասկացողութիւնը:
Ապա խօսեցաւ Քրիստոսի շնոր֊հած Սիրոյ կեանքին մասին (Յովհ. 3:) ուր ՙԱստուած այնպէս սիրեց աշխար֊հը՚ եւ թէ մարդ անկէ կը ստանայ Աստուծոյ սէրը` որպէսզի ետ փո֊խադարձէ զայն` ՜՜ Աստուծոյ սէրը` Աստուծոյ՝՝ իր ապրած հաւաքակա֊նութեան մէջ բաժնեկցելով զայն: Եւ այս Քրիստոսի Սիրոյ կեանքն է, որ դառնայ Յոյս` այս աշխարհի մէջ մեր կեանքերուն` բայց նաեւ, ըսաւ Հրայր Ճեպեճեան, յաւիտենականութեան մէջ՚,:








All the contents on this site are copyrighted ©.