2012-05-12 12:21:56

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէնի Յայտարարութիւնը Սուրիոյ Մէջ Պատահած Մահափորձերու Մասին։


Տամասկոսի մէջ պատահած մահափորձերու ի տես, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին խստիւ դատապարտած է արարքները ու Սրբազան Քահանայապետի յուզումնալից մօտիկութիւնը յայտնած` կաթողիկէ հասարակութեան եւ ոճրագործ արարքներու զոհերու ընտանեկան պարագաներուն։
Այս մահափորձերը պէտք են բոլորը մղել յանձնառու ըլլալու եւ գործադրելու Գոֆի Աննանի <<ծրագիրը>> որ արդէն ընդունուած է ընդհարումի մէջ գտնուող երկու կողմերէն։ Հարկ է` առ այդ, յայտարած է Հայր Լոմպարտին, որ Միջազգային հասարակութիւնը աւելի վճռական կերպով աշխատի իրականացնելու Աննանի ծրագիրը եւ միջազգային դիտորդներ ուղարկուին Սուրիայ ։ Ամէն օր աւելի այժմէական կը դառնայ Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Զատկուայ օրը արտասանած թելադրանքը. Հարկ է առանց վարանումի զարկ տալ յարգանքի` երկխօսութեան եւ հաշտութեան ուղիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.