2012-05-12 12:59:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Այցելութիւնը Իտալիոյ Թոսքանա Մարզի Արեցցօ Թեմին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 13 մայիսին հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Թոսքանա մարզի Արեցցօ-Լա վէրնա-Սանսեբոլգրօ թեմին, որ Հռոմէն 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։
Կիրակի 13 մայիսի առաւօտեան ժամը ութին, Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով կը մեկնի Վատիկանէն, ու ժամը իննին՝ կը ժամանէ Արէցցօ քաղաքապետարանի մարզադաշտը. ու ժամը շուրջ 10-ին՝ նախատեսուած է բացօթեայ Ս. պատարագը Արէցցոյի Իլ Բրաթօ հրապարակի վրայ։
Նոյն վայրէն, կէսօրին` Նորին Սրբութիւնը կ՛արտասանէ Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք Արէցցոյի առաջնորդարանի մէջ, Թոսքանա մարզի եպիսկոպոսներուն հետ Սրբազան Հայրը կը մասնակցի եղբայրական ակափին։
Ժամը 17ին՝ Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով կ'ուղղուի դէպի ֆրանչիսքեաններու Լա Վեռնա կոչուած սրբավայրը, ուր սուրբ ֆրանչիսքոս ասեզացին 1224-ին ստացաւ Յիսուսի սպիները։ Սրբազան Քահանայապետը կ'այցելէ սպիներու մատուռը, կառուցուած՝ սուրբ ֆրանչիսքոսի մահէն ետք։ Մատուռին կեդրոնը զետեղուած է մարմարէ նշան մը որ ցոյց կու տայ ՜՜վայրը՝՝ ուր սուրբ ֆրանչիսքոս ստացաւ սպիները։ Սրբավայրի հրապարակին վրայ, Նորին Սրբութիւնը ապա կը հանդիպի կրօնաւորական դասին ու երիտասարդներուն, եւ անոնց ճառ մը կ՛ուղղէ։
Ժամը 18.45ին Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ ինքնաթիռով կ՛ուղղուի Սանսեբոլքրօ, կ՝այցելելէ չորս աւետարանիչներու եւ Ս. Թաղման նուիրուած մայր եկեղեցին, որուն սկզբնական կառուցումը 11-րդ դարուն կատարուած է։
Սանսեբոլքրօ սրբատեղիի հակիրճ այցելութենէն, ու հոն զետեղուած` ՜՜հաւատացեալներու մեծ պաշտամունքի արժանացած՝ Քրիստոսի փայտէ արձանին՝՝ առջեւ աղօթքի պահ մը անցնելէ ետք, Սրբազան հայրը Բիացցա Լա Թորրէ Տի Պերթա հրապարակի վրայ խօսք մը կ՛ուղղէ Սանսեբոլքրոյի բնակչութեան։
Երեկոյեան ժամը 20.15-ին Նորին Սրբութեան իքնադիրը կը մեկնի Սանսեբոլքրոյէն եւ կը վերադառնայ Վատիկան ուր կը հասնի ժամը 21.15 անց։








All the contents on this site are copyrighted ©.