2012-05-12 12:20:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Շաբաթ 12 մայիս 2012 առաւօտեան ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Մարք Ուելլէն ու ապա 11.30ին ընդունեց Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին։

Իսկ երէկ ուրբաթ 11 Մայիսի երեկոյեան ժամը 18-ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջՊենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ` Իտալիոյ Նախագահ Ճորճօ Նափոլեթանոյի կողմէ իրեն ի պատիւ սարքուած Համերգին, Հռոմի <> նուագախումբի եւ երգչախումբի կատարողութեամբ եւ աշխարհահռչակ Ռիքքարտօ Մութի Մայեսթրօյի ղեկաւարութեամբ։

Համերգի աւարտին Նորին Սրբութիւնը շնորհակալական խօսք արտասանեց ներկաներուն յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահի` Ճորճօ Նափոլեթանոյի ու անոր կողակիցին, ըլլայ իր Քահանայապետութեան 7րդ տարեդարձին առթիւ ընծայուած համերգին, ըլլայ միւս նուէրներուն (ջուդակ եւ հազուագիւտ երաժշտական հորինութիւն մը)։ Անագմ մը եւս - ըսաւ Սրբազան հայրը- այս հանդիպումը կը ցուցաբերէ Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին ու Իտալիոյ միջեւ սերտ կապը։ Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ պատկան իշխանութիւններուն ու բոլոր ներկաներուն ու մանաւանդ մայեսթրոս Րիգգարտօ Մութիի որուն նաեւ շնորհեց պատուոյ շքանշան։ Սրբազան Հայրը հուսկ անդրադարձ մը կատարեց Ճուզեփփէ Վերտիի մասին վեր առնելով երաժիշտի հանճարեղ գործունէութիւնը ու նա մանաւանդ անոր յօրինած Հոգեւոր երաժշտական ստեղծագործութիւնները որոնք համերգի ժամանակ կատարուեցան։
Խօսքը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը գոհաբանական աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ու դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց համերգը կազմակերպողներուն ըսելով <<Աստուած օրհնէ ձեց ու ձեր ընտանեկան պարագաները>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.