2012-05-12 12:59:34

Յունաստանի Նախագահը Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Հրաւիրէ Արտահերթ Խորհրդակցութեան. Կառավարութիւնը Կազմելը Գերթէ Անկարելի ։


Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս քաղաքական կուսակցութիւններու առաջնորդներուն արտահերթ խորհրդակցութեան հրաւիրեց՝ արտակարգ լիազօրութիւններով օժտուած նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու նպատակով :
Նման անհրաժեշտութիւնը յառաջացած է, երբ խորհրդարանական ընտրութիւններուն 3-րդ տեղը գրաւող ՓԱՍՕՔ կուսակցութիւնը նոյնպէս չյաջողեցաւ կառավարութիւն ձեւաւորել: Աւելի վաղ այս խնդիրը չէր յաջողած լուծել ընտրութիւններուն առաջնակարգ դիրքերը գրաւող «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը եւ «Սիրիզա» միախառն կուսակցութիւնը :

Եթէ կուսակցութիւններու առաջնորդները չյաջողին համաձայնութեան գալ, Յունաստանի մէջ կը նշանակուին կրկնակի ընտրութիւններ: Ամենայն հաւանականութեամբ, անոնք կը կայանան յառաջիկայ Յունիսին:
Վերջինը որ փորցեց( «Փասօք» կուսակցութեան առաջնորդ Էվանկելոս Վենիզելոս) որ իր կարգին չկրցաւ ստանալ փոքրաթիւ ձախ կուսակցութիւններէն մէկուն աջակցութիւնը, կառավարութիւն կազմելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.