2012-05-12 13:00:16

Լիբանանի Մօտ Ֆրանսական Դեսպանտունէն Պատուոյ Հիւրերու Այցելութիւնը Զմմառու Վանք։


Ուրբաթ 11 Մայիսի առաւօտեան՝ Զմմառի Վանք այցելեցին Ֆրանսական դեսպանտունէն պատուոյ հիւրեր՝ Դեսպան Բադրիք Բաուլի, Հիւպատոսը, Ա. Խորհրդականը և դեսպանատան ամբողջ աշխատակազմը, մօտ 60 հոգի:
Վանահայրը գերյարգելի Հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան, ընդունեց զանոնք բարի գալուստ մաղթելով և զիրենք առաջնորդեց Վանքի հին բաժինը, խնամքով պատրաստուած, բոլոր յարմարութիւններով սրահ մը, որպէսզի սկսին իրենց գիտական նիստը: Պատուոյ հիւրերուն մաս կը կազմէին նաեւ՝ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ և Շարպէլ Նահաս։ Անոնք եկած էին մասնակցելու տարեկան դասախօսութեանց շարքին զոր Ֆրանսական դեսպանատունը կը կազմակերպէ ամէն տարի, այս անգամ որպէս վայր ընտրելով Զմմառու Հայ Վանքը:
Դասախօսութեանց գլխաւոր նիւթն էր « Արդեօ՞ք Լիբանանը ունի տնտեսութիւն մը» և այլ նիւթեր դեսպանատան ներքին աշխատանքներուն հայող: Կէսօրուայ ճաշկերոյթին որ տեղի ունեցաւ Նորընծայարանի ճաշասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Ֆրանսացի խումբին և վանքի հասարակութեան և ժառանգաւորաց դասին, խօսք առաւ Վանքի Մեծաւորը, որ շեշտը դրաւ Զմմառու դարաւոր վանքի կարեւոր դերին՝ ի նպաստ Միջին-Արեւելքի քրիստոնեաներու ներկայութեան և լուսաւորումին, յիշեց անոր մշակութային գանձերը և խնամքը զոր կը տածեն այս գանձերուն նկատմամբ և մօտ ապագայի ուշագրաւ ծրագիրներու մասին: Ֆրանսայի Դեսպան եւս խօսք առաւ և մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնեց սիրալիր ընդունելութեան համար: Ապա հիւրերը Մեծաւոր Հօր առաջնորդութեամբ՝ այցելեցին Վանքի Թանգարանները և Մատենադարանը,ինչպէս նաեւ՝ Գինեգործարանը: Դասախօսութիւնները շարունակուեցան մինչեւ երեկոյ՝ (ժամը 18:30) եւ վերջաւորութեան, հիւրերը Վանքի գինեմառանը այցելեցին, համտեսելու՝ վանքի նոր արտադրութիւնը՝ «Château De Bzommar» հրաշալի գինին:








All the contents on this site are copyrighted ©.