2012-05-11 09:41:56

Ֆրանսայի Նորընտիր Նախագահ ֆրանսուա Հոլլանտ Վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Պատժելու իր Յանձնառութիւնը։


Ֆրանսայի նորընտրի Նախագահ ֆրանսուա Հոլլանտ նամակ մը ղրկած է Փարիզի ՝՝Անատոլիա՝՝ մշակութային կեդրոնի ղեկավար ՝՝ Հայոց Ցեղասպանութեան՝՝ ժխտումով յայտնի Տէմիր Օնկէր-ին եւ յայտնած թէ ֆրանսայէն ներս Ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժելու մասին կարծիքը 2004էն ի վեր չէ փոխուած։ Հոլլանտ միաժամանակ Օնկէր-ի յիշեցուցած թէ ինք թեր քուէարկած է ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած Ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժող օրինագծին։
՝՝Սահմանադրական Դատարանը մերժած է այդ օրինագիծը,սակայն ես կը պատրաստուիմ առաջարկել այսպիսի նոր օրինագիծ մը որ Սահմանադրութեան ներհակ պիտի չըլլայ( նշած է նորընտիր Նախագահը)։ Հոլլանտ դիտել տուած է նաեւ որ հաւատարիմ մնալով Հանրապետութեան արժէքներուն,ինք հետեւողական կերպով պիտի սատարէ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն հաստատելու ճիգերուն։
Անդրադառնալով ՝՝Թուրքիա-Եւրոմիութիւն՝՝ յարաբերութիւններուն, ֆրանսուա Հոլլանտ ընդգծած որ Եւրոմիութիւնը միշտ հաւատարիմ է իր սկզբունքներուն,իսկ Թուրքիա եթէ կ՝ուզէ դառնալ Եւրոպական Ընտանիքի անդամ,ապա ինք եւս պէտք է ընդունի արդիականացման ձգտումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.