2012-05-11 09:40:22

Քահանայապետական Անուանումներ


Փրակայի Արքեպիսկոպոսութեան վերահաստատման 450րդ տարեդարձի առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` Վիէնի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպոմը անուանած է որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու համար վերոյիշեալ Յոբելեանի արարողութիւնները որ տեղի կ՛ունենան յառաջիկայ 12 մայիսին։ Նշենք որ Կարտինալ Շոնպոմի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Հայր Պենետիքս Մոէլնիք ու Հայր Վոյթէզ Նովագ։

Նորին Սրբութիւնը ապա Հոնկ Գոնկի երբեմնի եպիսկոպոս` Կարտինալ Ժոզէֆ Զէ-Գիուն Զէնը անուանած է որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու` Նոր Կինուէի քրիստոնէականի դասատու եւ մարտիրոս Փիթէր Թորոթ երանելիի ծննդեան 100 ամեակի յոբելենական արարողութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Րապաուլի մէջ յառաջիկայ 7 յուլիս 2012ին։
Նշենք որ Փիթէր Թորոթ երանելին մարտիրոսացած է` իր հաւատքին համար, ճաբոնական կեդրոնացման ճամբարի մէջ, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտին, 33 տարեկանին։ 1995-ին ան կը դառնայ Նոր Կինուէի առաջին երանելին։








All the contents on this site are copyrighted ©.