2012-05-11 09:41:23

Շուշիի Ազատագրութեան 20-ամեակ Պէյրութի Մեսրոպեան Վարաժարանի Մէջ։


Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, չորեքշաբթի, 9 մայիսի երեկոյեան, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակի հանդիսութիւն։ Խօսք առին աշակերտական խմբակին անունով Մարինէ Հալլաճեան որ ըսաւ. «Արցախով արդէն սկսած է մեր ամբողջական տեսլականին կերտումը, որ կը պահանջէ յաւելեալ ճիգ եւ նուիրուածութիւն»: Ապա ներկաները դիտեցին Շուշիի ազատագրական պայքարին նուիրուած աշակերտական խմբակին պատրաստած տեսաերիզը, որ կ՚անդրադառնայ Շուշիի պատմութեան, ազատագրական պայքարին եւ վերականգման աշխատանքներուն: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ աշակերտներու կողմէ ասմունք, «Կարապալա» խումբի կողմէ երգեր:
Օրուան բանախօսն էր «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր պրն. Ահարոն Շխրտըմեան, որ նշեց, թէ Շուշին մեր ժողովուրդի ռազմիկներու արդար յաղթանակն էր, որ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի նոր զարթօնքին գլխաւոր մեկնակէտը: Ան կոչ ուղղեց աշակերտութեան տէր կանգնելու իրենց դատին եւ շարունակելու յաղթանակներու ուղին: Իսկ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ըսաւ որ ՜՜ Շուշին` հայութեան միջնաբերդը կանգուն է, ինչպէս հայ ժողովուրդը, եւ հայ երիտասարդները պարտին ի գին ամէն զոհողութեան տէր կանգնիլ հայութեան իրաւունքներուն:
Հուսկ՝ Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան հայրական պատգամ ուղղեց ըսելով. ՜՜ Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը հպարտութեան եւ պարծանքի առիթ է, տակաւին հայութիւնը ունի գրաւուած հողեր, որոնք պէտք է վերադառնան իրենց իսկական տիրոջ` հայութեան եւ հայութիւնը հաւաքաբար պէտք է մասնակցի Արցախի վերականգման աշխատանքներուն եւ հայութեան իրաւունքներու հետապնդման արդար դատին: Հուսկ՝ Գերապայծառին«Պահպանիչ»ով փակուեցաւ
Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակի հանդիսութիւնը Մեսրոպեանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.