2012-05-11 09:40:53

Կարտինալ ֆիլոնին Կ՛առաջարկէ Համաշխարհային Աղօթքի Քարոզարշաւ մը Աւետարանացումի ի Խնդիր։


Աւետարանցումը Աստուծոյ Ժողովուրդին Ճանապարհը Կ՛առաջնորդէ։
Աւետարանացումը <<առանձնացած նաւաստիի մը գործը չէ>>։ Ան Աստուծոյ Ժողովուրդին Ճանապարորդութիւնը Կ՛առաջնորդէ, ըսաւ Ժողովուրդներու աւետարանցումի Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ ֆերնանտօ ֆիլոնին, անցեալ 7 մայիսին, Հռոմի մէջ բացումը կատարելով, Քահանայապետական Միսիոնարական գործունէութիւններու տարեկան նիստին։ Ասոր համար է որ հաւատացեալները կանչուած են մասնակցելու 2012 տարեշրջանի եկեղեցական ու հոգեւոր ձեռնարկներուն ինչպէս` Հաւատոյ Տարին. Նոր աւետարանացումի նուիրուած Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին. Վատիակնեան Տիեզերական Բ Ժողովի (1962 - 1965) աշխատանքներու սկիզբի 50րդ տարեդարձին։ Եւ որպէսզի Հաւատոյ Տարին ունենայ իսակական հոգեւոր եւ միսիոնարական ծաւալ Ժողովուրդներու աւետարանցումի Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ ֆիլոնին առաջարկած է <<Աւետարանացումի ի խնդիր Համաշխարհային Աղօթքի Քարոզարշաւ մը։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.