2012-05-11 09:41:42

Եւրոմիութիւնը Ուքրանիոյ Վարչապետին Կ'արգելէ Ժամանել Պրիւքսել։


Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարովին արգիլուած է Մայիս 15-ին ժամանել Պրիւքսէլ ՝՝Ուքրանիա-Եւրոմիութիւն՝՝ նիստին մասնակցելու համար: Պատճառը` երկրի նախկին վարչապետ Եուլիա Տիմոշենքոյի շուրջ ստեղծուած իրավիճակն է: Այս մասին յայտարարած է Եւրոմիութեան նախագահ Հերման Վան Ռօմբույ:

«Երբ Ուքրանիոյ վարչապետը յայտնեց, որ կը փափաքի այցելել Պրիւքսէլ` մենք ըսինք, որ, չ'արժեր, մնացէք տունը: Մենք Քիեւին յստակ քաղաքական ազդանշան տուած ենք` փոխել ներքաղաքական իրավիճակը: Երկրին մէջ 2004-ին ժողովրդավարութիւն կար եւ երկիրը պէտք է վերադառնայ պետութեան ժողովրդավարական օրինակին», ( ըսած է Վան Ռօմբույ Euronews-ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին) :
Քիեւի եւ Պրիւսքէլի յարաբերութիւնները վերջերս վատացած էին Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Տիմոշենքոյին 7 տարուան ազատազրկման դատապարտումէն ետք: Եւրոմիութիւնը դատավճիռը քաղաքական կը համարէ, բայց Քիեւ այս մեղադրանքը կը հերքէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.