2012-05-11 13:18:12

Ամերիկեան ՝՝ ԹԱՅՄ՝՝ Թերթը կ՝անդրադառնայ Ատրպէյճանի Մարդկային Իրաւանց Վիճակին (Մարմարա-Պոլիս) ։


Ամերիկեան ազդեցիկ ԹԱՅՄ թերթը ՝՝Վաճառուող Ատրպէյճան ՝՝ խորագրեալ ընդարձակ յօդուածով մը անդրադարձած է Ատրպէյճանի հասարակական-քաղաքական կեանքին,ժողովրդավարութեան վիճակին,՝՝Էուրովիզիոն՝՝-ի նախապատրաստութեան,մերկացնելով այսպէս Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։
Թերթը նշած է որ մինչ ՝՝Էուրովիզիոն 2012՝՝-ը Պաքուի մէջ կատարելու որոշումը ներկայացուած էր ՝՝Իբրեւ Յաղթանակ՝՝ այժմ այս մրցումը վերածուած է ՝՝գլխացաւի՝՝ իշխանութիւններուն համար։
Ատրպէյճանի հասցէին միջազգային կարգ մը կազմակերպութիւններու քննադատութիւնները նշելէ ետք Ամերիկեան ԹԱՅՄ թերթը կ՝աւելցնէ թէ Ատրպէյճան անունը սկսած է հոմանիշ դառնալ ՝՝զեղծարարութեանց՝՝ ՝՝մենատիրութեան՝՝ եւ ՝՝այլախոհներու հալածանքի՝՝։ Թերթը նաեւ դիտել տուած է որ Ատրպէյճան հարիւրաւոր միլիոն տոլարներ կը ծախսէ Լոպիական հիմնարկներ վարձելու համար որպէսզի իր միջազգային ՝՝ վարկը՝՝ բարելաւէ։
՝՝Էուրիովիզիոն՝՝ ի Մրցումը կազմակերպելու որոշումը նովին գործով ոչնչացուցած է Ատրպէյճանի Իշխանութեան արդէն իսկ դժուարութեամբ պահպանուած ՝՝հեղինակութիւնը՝՝ կ՝եզրակացնէ ԹԱՅՄ թերթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.