2012-05-09 12:00:38

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւրոպայի եպիսկոպոսներու յանձնախումբի համագործակցութեամբ, այսօր 9 մայիս 2012-ի յետ միջօրէին, Պրիւսսէլի Եւրոխորհրդարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Քրիստոնեաները արաբական աշխարհի մէջ։ Արաբական գարունէն մէկ տարի ետք>> խորագրով ուսումնաժողով։ Ուսումնաժողովին իրենց վկայութիւնը կը բերեն նաեւ Արեւելեան Քրիստոնեայ աշխարհէն անձնաւորութիւններ որոնց շարքին նշենք Երուսաղէմի Սուրբ Երկրի Պահակ` հայր Բիէրպաթթիսթա Բիցցպալլան։ Ուսումնաժողովին կետնպատակն է հասկնալ թէ որքանով <<արաբական գարունը>> իրականացուց ժողովրդավարութեան` մարդու հիմնական իրաւունքի եւ ազատական արժէքներու ակնկալումները։


Չորեքշաբթի 9 մայիսի կէսօրին Ռատիովատիկանի Մարքոնիի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ <<Քրիստոնէականի ուսուցումի 7րդ եւրոպական գիտաժողովի>> մասին մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին Պուտաբէշտի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Փիթէր Էրտօ, ներկայացուց Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի համացանցային նոր կայքէջը ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի տպագրութեան 20րդ տարեդարձի առթիւ կատարուած ուսումնասիրութիւնը։ Իսկ Երեկոյեան ժամը 19.30 Կարտինալ Էրտոն կը գլխաւորէ Եւրոպայի դիտաւորութեան Սուրբ Պատարագը որուն կը մասնակցին Եւրոպայէն եպիսկոպոսներ ու Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած եւրոպական երկիրներու դեսպաններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.