Շուշիի Ազատագրման 20-ամեակի Նշում Հռոմի Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին Մէջ։
Ուրբաթ 11 մայիսի ժամը 18-ին սկիզբ կ՝առնէ Հռոմի Մալոյեան Մշակութային կեդրոնին մէջ,
Շուշիի Ազատագրման 20-ամեակի առթիւ ձեռնարկը, ՜՜Ազատ Ու Անկախ Արցախ՝՝ բնաբանով, որուն
ընթացքին տեղի պիտի ունենայ դասախօսութիւն ու զրոյց ինչպէս նաեւ վաւերագրական ժապաւէնի
ցուցադրութիւն։ Աւարտին նաեւ ընդունելութիւն։ Հռոմաբնակ հայերը ու բարեկամներ
հրաւիրուած են մասնակցելու սոյն երեկոյթին, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի ժողովուրդի
ինքնորոշման իրաւունքին ու Մարդու իրաւունքներու յարգանքի ի խնդիր։