2012-05-09 12:08:55

Նեփալի Առաքելական Նուիրակը Կը Խնդրէ Որ Երկրի Աահմանադրութիւնը Ճանչնայ Կրօնական Ազատութեան Սկզբունքը Բոլոր Քաղաքացիներուն Համար։


Նեփալի մէջ ներկայիս կը պատրաստուի երկրին նոր սահամանադրութիւնը, այս առթիւ Նեփալի առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Անթոնի Շարմա խնդրած է որ նոր սահմանադրութեան մէջ ճանչցուի կրօնական ազատութիւնը։ Առաքեալական Նուիրակը դատապարտած է ինտու ծայռայեղներու երկրի իշխանութիւններու վրայ կատարած ճնշումները Նեփալը նկատելու որպէս ինտու ազգ այնպէս ինչպէս էր թագաւորութեան տարիներուն ընթացքին։

Մեր մաղթանքն է որ Նեփալը դառնայ աշխարհիկ կարգերով պետութիւն մը ուր բոլորին իրաւունքները ճանչցուին ու բոլորին` այր թէ կին, հաւասար կարելիութիւններ տրուին, վերջ դնելով դասակարգային դրութեան։ Յայտնենք որ Նեփալի մէջ կ'ապրին 2 միլիոն քրիստոնեաներ ստորաբաժնուած 2500 հասարակութիւններու։ Կաթողիկէ եկեղեցին կը հաշուէ աւելի քան եօթը հազար հաւատացեալ եւ մասնաւորապէս աշխատանք կը տանի դաստիարակութեան մարզէն ներս։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 32 դպրոցներու մէջ արձանագրուած են 21 հազար աշակերտ, որոնցմէ 11 հազարը աղջիկներ են։
Ամէն տարի 300-500 հոգիներու մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարուի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.