2012-05-09 12:06:54

Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութիւնը Նիւթին Մասին Գիտաժողով մը։ Դէպի Միջազգային Նոր Հաւասարակշռութիւն։


Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան մասին գիտաժողով մը կազմակերպութեամբ`<<Չէնթեզիմուս Աննուս>> անուամբ Քահանայապետական Հիմնադրամին։ Ժողովին մասնակցեցան 7 երկիրներէ ժամանած մասնագէտներ (Վատիկան, Իտալիա, Սպանիա, Թիւնիզի, ԱՄՆը եւ Զուիցերիա) ունենալով որպէս նիւթ. ''հաստատութիւններ, ընկերութիւններ եւ շուկաներ` դէպի միջազգային նոր հաւասարակշռութիւն''։ Ս. Աթոռի առաքելական ինչքերու նախագահը կարտինալ Գալգանիօ իր բացման ելոյթով ընդգծեց զօրակցութեան կարեւորութիւնը ընդհանուրի բարիքի զարգացման համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.