2012-05-09 12:07:33

«Երազ Հիմնադրամ»ի Իշխանական Նուիրատուութիւնը, Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանին։


UCLA-ի յարկին տակ հաստատուած «Երազ Հիմնադրամ»ը (Dream Fund), 200,000 տոլարի յատկացում մը կատարած է Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանին, այսպէս կը յայտարարէ վարժարանի տնօրէնութիւնը, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս իշխանական նուիրատուութեան համար՝ գնահատելով «Երազ Հիմնադրամ»ին վարժարանին հանդէպ ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքը եւ հայ դպրոցին հանդէպ վստահութիւնը, գիտակցելով, որ հայ վարժարանը Սփիւռքի տարածքին սերունդներ դաստիարակող եւ հայ ժողովուրդին կեանք տուող կենսատու աւիշն է», նշուած է վարժարանի հաղորդագրութեան մէջ:
Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, ու Ամերիկաներ ու նաեւ Հայաստան, մեծապէս կը սատարեն նոր սերունդի դաստիարակութեան։ Միաբանութիւնը հիմնուած է Կ. Պոլիս 5 Յունիս 1847-ին:
Հիմնադիրը՝ Անտոն-Պետրոս Թ. Հասունեան Կաթողիկոս-Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ առաջին հայազգի Կարդինալ Տիեզերական Եկեղեցւոյ, 1840-ականի շրջանին կը ծրագրէ հիմնել «Հաւատաւոր Կոյսերու» Միաբանութիւն մը, որ նուիրուի՝ վանական ու առաքելական կեանքի եւ որուն գլխաւոր նպատակն ըլլայ դաստիարակել Հայ Ազգին, ի մասնաւորի աղքատ դասակարգի աղջիկ զաւակները: Այս բարենպատակ ու ազգօգուտ ծրագիրը կ’իրականանայ գործակցութեամբ Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեանին, որ դեռատի տարիքէն ներանձնացեալ ու բարեսիրական կեանք վարած էր եւ իբրեւ «տան մայրապետ» զբաղած աղքատ փոքրիկներու կրթութեամբ: 9 Դեկտեմբեր 1847-ին Մայր Սրբուհին չորս նուիրեալ քոյրերով կ’ուխտեն Աստուծոյ՝ Հնազանդութիւն, Ողջախոհութիւն, Աղքատութիւն հանդերձ առաքելական կեանքի յանձնառութեամբ: Այսպէս սկիզբ կ’առնէ «Աստուածամօր Տունը»՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն էր՝ ուսուցանել եւ կրթել Հայ աղջկան միտքն ու հոգին քրիստոնէական, մարդկային ու ազգային արժէքներով:
Միաբանութիւնը կանոնապէս ճանչցուած ու հաստատուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կոնդակով տրուած՝ 5 Յունիս 1847-ին, իսկ Քահանայապետական Կոնդակով՝11 Յունիս 1932-ին, Միաբանութիւնը ենթարկուած է Հռոմի Սրբազան Պապին, որպէս իր Գերագոյն Մեծաւորին:
1923-ին Մայրավանքը եւ նորընծայարանը Պոլսէն կը փոխադրուին ապահով վայր, Հռոմ՝ յաւիտենական քաղաքը:
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը կրէ Աստուածամօր ամենագեղեցիկ մէկ տիտղոսը: Իր ընդհանուր վախճանն է. «Իրագործել Աստուծոյ ծրագիրը եւ փնտռել միայն աստուծոյ փառքը»: Իսկ առանձնայատուկ նպատակն է.«Ծառայել Հայ Ժողովուրդի զաւակներուն, բարոյական ու տոհմային դաստիարակութեամբ»: Սէր՝ Աստուծոյ, Սէր Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին հանդէպ՝ Հայ մայրապետին եռեակ մղիչ ոյժն ու գերագոյն գաղափարականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.