2012-05-08 12:43:45

Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահի Գնահատումով Քրիստոնեաներու Անհետացումը Միջին Արեւելքէն Աղետալի Իրողութիւն Մը Կրնայ Հանդիսանալ։


Հռոմի Մարոնիներու դպրեվանքին մէջ Միջին Արեւելքի մասին տեղի ունեցած դասախօսութեան մը ընթացքին` միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը`, ըսաւ որ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաները պէտք են դիմադրել ու կառչած մնալ իրենց հայրենական հողերուն, հակառակ որ դարերէ ի վեր կը հալածուին ու կը տառապին ։ Կարտինալը ընդգծեց քրիստոնեաներու դրական դերը արաբ ընկերութեան մէջ հաստատելով որ միջկրօնական երկխօսութիւնը միջոց մըն է ընդիմանալու ցեղապաշտութեան, սահամաններու փակումին ու ատելութիւն ծաւալող գաղափարախօսութեան։ Անդրադառնալով ապա ''արաբական գառնան'' մասին Կարտինալ Թոռան ըսաւ որ Մաղրեպի կարգ մը երկիրներու երիտասարդները աւելի ըմբոստ են քան յեղափոխական։ Անոնք կը պահանջեն արժանաւորութիւն ու ազատութիւն։ Կարտինալ Թոռանի դասախօսութեան ներկայ էին Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Իրաքի, Իրանի, ֆրանսայի եւ Կիպրոսի դեսպանները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ լիբանանցիներ եւ Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի Մեծաւորն ու անձնակզմը։








All the contents on this site are copyrighted ©.