Ընդունելով Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց դասէն կարք մը եպիսկոպոսներ իրենց Հռոմ կատարած
հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընգծեց Միացեալ
Նահանգներու Կաթողիկէ հաստատութիւններու կարեւոր դերը <<մարդկային ճշմարիտ քաղաքակրթութեան
վրայ արմատացած ըկերութեան մը կառուցման>> ի սպաս ու հրաւիրեց սոյն հաստատութիւնները
պահպանելու` կաթողիկէ իքնութիւնը եւ հաւատարիմ մնալու Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան։ Նորին
Սրբութիւնը ապա նշեց Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ դպրոցներու <<թանկաժէք ժառանգութիւնը>>
ու փափաք յայտնեց որ բոլոր ընտանիքներուն կարելիութիւն ընծայուի սոյն հաստատութիւնները
յաճախելու, անկախ իրենց ֆինանսական կարողութիւններէն, հաստատելով որ Կաթողիկէ դպրոցները
<<նոր աւետարանութեան հիմնական աղբիւրներ են եւ Միացեալ Նահանգներու ընկերութեան կարեւոր
մէկ բաժին։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ անդրադարձաւ <<Սրտերը կերտելու>> պահանջին` քաջալերելով
երիտասարդ ուսանողները <<ներդաշնակ տեսութիւն ունենալու հաւատքի եւ բանականութեան միջեւ>>։
Բաւարար չէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - քրիստոնէականի պարզ ուսուցումի երաշխաւորումը` այլ
հարկ է որ դաստիարակները ունենան մտային անկեղծ գորով ու նուիրածութիւն որպէսզի <<հիմնական
միութեան մէջ>> լիացնեն հաւատքն ու ապրելակերպը ։