2012-05-08 13:59:41

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Բանականութիւնը, հաւատք եւ սէր

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ խմբագրականը կը յատկացնէ Սրբազան Քահանայապետի Հռոմի Ս. Սրտի Համալսարանին մէջ արտասանած ճառին։
՜՜Առանց սիրոյ նոյնիսկ գիտութիւնը իր ազնուուականութիւնը կը կորսնցնէ։ Միայն սէրն է որ մարդկութեան հետազօտութիւնը կ՛ապահէ՝՝։ Այս բարերով - կը գրէ Հ.Լոմպարտին - Նորին սրբութիւնը եզրափակեց իր ճառը զոր արտասանեց անցեալ հինգշաբթի օրը՝ 3 մայիսի առաւօտեան, Ճեմելլի Բազմաբուժարանի Սիրտ Յիսուսի կաթողիկէ համալսարանը կատարած այցելութեան ընթացքին։ Խոր եւ վճռական պատասխան մը՝ համատարած ուղեցոյցի այն պահանջին։
<<Միջոցներով հարուստ այժմէական մարդը շատ անգամ կը մոռնայ իր հորիզոնի էական հարցը>>։ Անգամ մը եւս Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ բանականութեան վրայ վստահութեան մասին. Խօսեցաւ Քրիստոնէութեան մասին որպէս ՜՜Խօսքի Կրօն՝՝, որ հաւատքը չի դասաւորեր անտրամաբանական աշխարհի մէջ այլ ՜՜ստեղծագործութեան՝՝ մէջ կը տեսնէ իրականութեան սկիզբը ու անոր իմաստը ։Հաւատոյ եւ բանականութեան միութիւնը հաւաստիք է երկուքին պտղաբերութեան. մինչ անոնց իրարմէ բաժանումը կը մղէ <<բարոյագիտական աղքատացումի>> որ անկարող կը դարձնէ գնահատելու եթէ տեխնիքական գետնի վրայ կարելին ընդունելի է նաեւ բարոյապէս ու մարդու երջանկութեան կը ձգտի։
Սրբազան քահանայապետը աւելին կըսէ։ Ան կ՛ընդգծէ կենսարար կապը ընդմէջ <<գիտական յանձնառումին>> ու մարդու բարիքի կրքոտ նուիրումին։ Հայր Լոմպարտին իր խմբագրականը կը փակէ հաստատելով թէ Սրբազան Հօր այս խօսքերը ոգեւորիչ եւ զօրաւոր ներշնչում մըն են բանականութեան յանձնառումին ի սպաս մարդ արարածի։ Ու հարց կու տայ թէ ուրիշ ինչ բանի ձգտում ունենալու է ՜՜բանականութիւն եթէ ոչ Մարդու Բարիքը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.