2012-05-08 13:16:45

Իտալիոյ Մամլոյ Ազգային Դաշնակցութեան Տեղեկագրութիւնը՝Թուրքիոյ Վարչապետի Իտալիոյ Այցելութեան Առթիւ։


՝՝ Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանի այսօրուայ Հռոմ այցելութիւնը չի կրնար որպէս նիւթ ունենալ միայն ՝՝առեւտրական փոխանակումի առաւել զարգացումը Իտալիոյ հետ՝՝։
Թուրքիոյ մէջ հարիւր լրագրողներ(առ նուազն կէսը Քիւրտ լրագրողներ) բանտարկուած են ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամակցութեան մեղադրանքով (կը կարդանք տեղեկագրութեան մէջ)։
Բացարձակապէս անհիմն ամբաստանութիւններ, տեղ կը գտնեն նաեւ ՝՝Տեղեկատուութեան Ազատութեան Առանց Սահմանի Թղթակիցներու՝՝ նոր տեղեկագիրի մէջ, ուր Թուրքիան աշխարհի 179 երկիրներու շարքին կը գրաւէ 148-րդ տեղը։
Իսկ Եւրոպացի Լրագրողներու Դաշնացկութիւնը իր կարգին սկիզբ տուաւ քարոզչութեան մը,այն է ՝՝որդեգրումը ՝՝ թուրքիոյ բանտերուն մէջ գտնուող այս լրագրողներու ՝Միջազգային Հանրային Կարծիքի կողմէ։
Իտալական ՝՝Գօրրիէրէ Տէլլա Սէրա՝՝ թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ էրտողան կ՝ըսէ որ ՝՝պատրաստ ենք ամէն ինչ ընելու կարենալ անդամակցելու համար Եւրոմիութեան՝՝ ։ Շատ լաւ ուրեմն(կը գրէ սոյն տեղեկագրութիւնը) եթէ այսքան վճռակամ են Եւրոպայի անդամակցելու, Եւրոպայի Կառվարութիւնները թող պահանջէն Թուրքիայէն յարգել ՝՝ Տեղեկատուութեան Ազատութեան Եւրոպական Չափանիշերը՝՝։

Ապա Իտալիոյ Մամլոյ Ազգային Դաշնացկութիւնը կոչ կ՝ընէ Իտալիոյ Հանրապետութեան Վարչապետ Մարիօ Մոնթիին ( որ ՝՝Եւրոպա՝՝ գաղափարի համոզուած մէկ պաշտպանն է ) պահանջել Թուրքիոյ վարչապետէն անարդարօրէն արգելափակուած բոլոր լրագրողներու ազատագրումը՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.