Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 7 Մայիսին մեկնեցաւ Արցախի Հանրապետութիւն, մասնակցելու՝
Շուշիի ազատագրման 20-ամեակին եւ Յաղթանակի տօնին նուիրուած միջոցառումներուն։ Վեհափառի
շքախումբին մաս կը կազմեն, ԱՄՆ.ի Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդը՝ Խաժակ արքեպիսկոպոս
Պարսամեան եւ այլ եկեղեցականներ։