2012-05-07 13:53:51

Ֆրանսայի Նորընտիր Նախագահը Ֆրանսուա Օլլանտ ։


Ընկերվարական Ֆրանսուա Օլլանտ երէկ ընտրուեցաւ ֆրանսացիներու նոր նախագահը,վաւերացնելով այսպէսֆրանսայի Ընտրութիւններու երկրորդ փուլի նախատեսութիւնները, ուստի գերազանցեց Նիքոլա Սարքոզին՝ հաւաքելով ընտրական ձայներուն հարիւրէն 51,6 տոկոսը ։ Այսպէս ֆրանսուա Միթերանէն 17 տարի ետք այլ Ընկերվարական մը պիտի բնակի Էլիզէի Պալատը։
ֆրանսուա Հոլլանտ-ը իր տարած յաղթանակին համար արդէն շնորհաւորած են Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահը Ճորճօ Նափոլիթանօ ու նաեւ Անկէլա Մերքել որ հրաւիրած է Հոլլանտը Պերլին,Տիկին Մերքել որ մինչեւ այսօր մերժած էր տեսակցիլ Ընկերվարական թեկնածու ֆրանսուա Օլլանտի հետ։
Նշենք որ երէկ Ընտրութիւններ կայացան նաեւ Յունաստանի,Սերպիոյ,Գերմանիոյ(վարչական) ու Իտալիոյ մէջ ալ(վարչական)։ Սերպիոյ մէջ թեկնածուներ Թատիչ եւ Նիքոլիչ պիտի մասնակցին Ընտրութիւններու երկրորդ փուլին որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20 Մայիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.