2012-05-07 12:10:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 7 մայիս 2012։ Այսօր առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Միացեալ Նահանգներէն Հռոմ ժամանած Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 8 եպիսկոպոսներու` հնգամնեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։
Ժամը 11.30 Նորին Սրբութիւնը, հրաժեշտի այցելութեան առթիւ, ընդունեց Սուրբ Աթոռի Մօտ Իրանի դեսպան` Տիար Ալի Ագպար Նազէրին ու ապա Գլեմենթինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Զուիցերական Պահակագունդի անդամներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։
Նշենք որ 6 մայիսը Զուիցերական Պահակագունդի նուիրական օր է որով 1527 թուականի` Մայիս 6-ին 147 Զուիցերացի Պահակներ իրենց կեանքը զոհած էին Կղեմէս Է.Պապը պաշտպանելու համար։ Զուիցերական Պահակագունդի նոր անդամակիցները ամէն տարուայ 6 մայիսին կը կատարեն իրենց երդման արարողութիւնը։ Արդարեւ երէկ 6 մայիսի առաւօտեան ժամը 10.30ին Վատիկանի Քահանայապետական Պալատին մէկ սրահներէն մէկուն մէջ 6 նոր զինուորագրեալներ հանդիսաւոր երդում կատարեցին Պահակագունդի դրօշի վրայ, Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ` Գերապայծառ Ճովաննի Անճէլօ Պէչչուի ներկայութեամբ ինչպէս նաեւ կարտինալական եւ եպիսկոպոսական դասի անդամներուն մասնակցութեամբ ու Սուրբ աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ներկայութեամբ։ Նշենք նաեւ որ կիրակի 6 մայիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ համերգ մը նուիրուած Զուիցերիոյ Լուչէրնա քաղաքի զինուորական մարմնի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.