2012-05-07 13:53:36

Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Յաղթականը՝Հանրապետական Կուսակցութիւնը։


Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը երէկ կատարուած ընտրութիւններուն խորհրդարանի 131 աթոռներէն առնուազն 68-ը ապահովելով նոր Խորհրդարանի մեծամասնութիւնը ապահովեց ։

Ըստ 1982 ընտրատեղամասերէն 1900-ի արդիւնքներուն, Հանրապետական Կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 44.08 առ հարիւրը, Բարգաւաճ Հայաստանը՝ 30.30 առ հարիւրը, ՀԱՔ-ը 7.07 առ հարիւրը, Ժառանգութիւնը՝ 5.75 առ հարիւրը, ՀՅԴ-ը՝ 5.69 առ հարիւրը, Օրինաց երկիրը՝ 5.48 առ հարիւրը, Համայնավար կուսակցութիւնը՝ 1.06 առ հարիւրը, Դեմոկրատական կուսակցութիւնը՝ 0.37 առ հարիւրը, իսկ Միաւորուած հայերը՝ 0.21 առ հարիւրը։
Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն ուղղակի պայքարը կայացաւ իշխող Հանրապետական Կուսակցութեան եւ իր ներկայ համաձայնական գործընկերոջ միջեւ: Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի տեղեկութեամբը ` տպուած էին 2 մլն 597 հազար քուէաթերթիկ` համամասնական, եւ 2 մլն 550 հազար քուէաթերթիկ` մեծամասնական ընտրակարգի համար:
Մայիս 6-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքական ինը Ուժեր , որոնցմէ 8-ը` Կուսակցութիւն, իսկ մէկը` Դաշինք:
Հայաստանի 3,3 միլիոննոց բնակչութենէն քուէարկելու իրաւունք ունէին 2,5 միլիոն-ը, իսկ ամբողջ գործընթացին հետեւեցան 350 օտարերկրեայ եւ 31 հազար տեղական դիտորդներ :
՝՝Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները կայացան միջազգային նորմերու չափանիշներով՝՝: Այս մասին այսօր լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծեց Ընտրական Համակարգերու Հետազոտութեան Միջազգային Կեդրոնի ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչ Լիդիա Լոուսոնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.