Այսօր 7 Մայիս Սուրիոյ Բազմակուսակցական Ընտրութիւնները։ Առաջինը Վերջին 50 Տարուան
Ընթացքին ։
Այսօր Սուրիոյ մէջ սկսան վերջին 50 տարուան ընթացքին կատարուած առաջին ժողովրդավարական
, բազմակուսակցական ընտրութիւնները:
«Պաաս» իշխող կուսակցութիւնը, որ 2012-ի
Փետրուարին ընդունուած նոր Սահմանադրութեան համաձայն կորսնցուցած էր «առաջնորդող եւ ղեկավարող
ուժ»ի կարգավիճակը, ընտրութիւններուն կը մասնակցի միւս կուսակցութիւններուն հետ հաւասար
պայմաններով:
Ժողովրդական խորհուրդի մէջ, որուն կէսը նախատեսուած է աշխատաւորներու
եւ գիւղացիներու ներկայացուցիչներու համար, 250 տեղի համար կը պայքարին 7195 թեկանածուներ
, որոնցմէ 710-ը` կիներ: Ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ 14,7 միլիոն հոգի : Ձայնի
իրաւունք ունի 18 տարեկանէն բարձր իւրաքանչիւր անձ` ի բաց առեալ ծառայութեան մէջ գտնուող
ոստիկաններն ու զինուորականները:
Սուրիոյ Իշխանութիւնները կը խոստանան իրականացնել
«ազատ, թափանցիկ եւ ազնիւ» ընտրութիւններ, սակայն ընդդիմութեան կարծիքով 14 ամիս շարունակուող
խռովութիւններու պայմաններուն մէջ անհնար է անցնել ազատ ընտրութիւններ: