2012-05-07 12:16:05

7-10 Մայիս Միսիոնարական Քահանայապետական Գործունէութիւններու Տարեկան Լիանիստ Ժողովը ։


7-10 մայիս Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Միսիոնարական Քահանայապետական Գործունէութիւններու Տարեկան Լիանիստ Ժողովը ։ Ժողովին կը մասնակցին երկրագունդի բոլոր ցամաքամասերու միսիոնարական կեդրոններու տնօրէնները նախագահութեամբ գերապայծառ Վագելլիի ու անոր անմիջական չորս ընդհանուր քարտուղարներու։ Իր բացման ելոյթին մէջ Գերապայծառ Վագելլին խօսեցաւ Յիսուսի վերջին պատուերին մասին. ''գացէք, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը, սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի''։ Իսկ երկուշաբթի 7 մայիսի առաւօտեամ մայիս, կարտինալ ֆիլոնին` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան, գլախւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը բոլոր ժողովականներուն մասնակցութեամբ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.