2012-05-06 12:13:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ''Ողջ Լեր Թագուհի'' Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 6 մայիսի կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց ՜՜Ողջ Լեր Թագուհի՝՝ մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ուր Յիսուս իր առաքեալներուն կ՛ըսէ << Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը եւ հայրս մշակն է - (Յովհ. 15,1) >> ։ Աստուծոյ իսկական որթատունկը Յիսուսն է որ իր սիրոյ զոհաբերումով մեզի փրկութիւնը կը պարգեւէ եւ մեզի կը բանայ` այս որթատունկի մաս կազմելու` ճանապարհը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ապա ակնարկելով մկրտութեան խորհուրդին հրաւիրեց հաւատացեալները հաւատարիմ մնալու Յիսուսի Սիրոյն ընգծելով որ այս հաւատարմութիւնը կարելի է մշակել ամէնօրեայ աղօթքով, խորհուրդներու մատակարարումի մասնակցութեամբ եւ ողորմութիւն ընելով։ Հուսկ խնդրելով Տիրամօր Մայրական բարեխօսութիւնը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ <<Ով որ կը սիրէ Յիսուսը` որ է իսկական որթատունկ, հաւատոյ առատ պտուղներ կ՛արտադրէ։

՜՜Ողջ Լեր Թագուհի՝՝ մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները մատնանշելով յատկապէս Ընտանիքի համաշխարհային հաւաքին որ տեղի կ՛ունենայ Միլանոյի մէջ եւ որուն 1 - 3 յունիս ինք եւս պիտի մասնակցի։ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ Վատիկանի Զուիցերական Պահակագունդի նոր զինուորագրեալներուն որոնք այս առաւօտ կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ յատուկէն ողջունեց Հայր ֆորդունաթօ Տի Նոթոյի <<Մէթէր>> ընկերակցութեան` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող` անդամները <<բռնաբարումներու` ուժգնութիւններու` եւ շահագործումի թիրախ մանուկներու 16րդ օրուայ եզրափակման առթիւ։>>
Ու ապա բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.