2012-05-06 10:39:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 190.000 Եւրօ Պարգեւած Է Հին Անգլիգան Եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան.


Նախաձեռնութիւն մը քրիստոնեաներու միութեան ի խնդիր։
Անգլիոյ մօտ առաքելական նուիրակը գերապայծառ Մեննինի յայտնեց որ մէկ մայիս 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 190 հազար եւրօ պարգեւած է հին անգլիգան եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, որպէս օգնութիւն նոր նուիրապետութեան տնօրինումին։ Առաջնորդին՝ գերապայծառ Նիւթոնի գնահատումով, ասիկա մեծ օգնութիւն մըն է ու քաջալերանք նոր եկեղեցւոյ մը որ օրէօր կը բազմանայ եւ որուն կղերը կազմուած է ամուսնացած քահանաներով։ Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յունուար 2011-ին հիմնեց հին անկլիգան կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը, տալով անոր իւրայատուկ եկեղեցական իրաւասութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.