2012-05-06 10:24:17

«Զուարթնոց» Օդակայանը Երկաթուղիով Պիտի Կապուի Երեւանին .


Հայաստանի Հանրապետութեան երթեւեկի եւ կապի նախարարութեան կեդրոնին մէջ 4 Մայիսին ստորագրուեցաւ յուշագիր մը՝ «Դէպի «Զուարթնոց» միջազգային օդանաւակայան երկաթուղային գծի կառուցման մտադրութեան մասին»: Ստորագրութիւնը կատարեցին նախարար Մանուկ Վարդանեանը, «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վիքթոր Ռեփեցը եւ «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Մարսէլօ Վենտընը:
Վարդանեան յայտնեց, որ յուշագիրը ստորագրուած է հիմք ունենալով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած ծրագիրը, որ կը վերաբերի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի, յարակից տարածքին մէջ միջազգային գումակային (լոճիսթիք) կեդրոնի եւ ազատ տնտեսական գօտիի միջեւ երթեւեկութեան ենթակառոյցներու գործունէութեան։
Դէպի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան ճամբորդներու եւ ապրանքներու փոխադրութեան թիւի ու ծաւալի աճը մղած է պատասխանատուները նման ծրագիր մշակելու։
Համաձայնութիւն կայացած է կազմելու պատասխանատու անձերէ կազմուած խումբ մը, որ երեք ամսուան ընթացքին պիտի մշակեն միջոցներ՝ ծրագիրի իրականացման։
Նախագծուող հիմնական երկաթուղիի երկարութիւնը 7800 մեթր է, իսկ նոր կառուցուող հատուածը՝ 5350 մեթր: Կը նախատեսուի նաեւ կառուցել 810 մեթր երկարութեամբ շոգեկառքերու փակուղի: Նախագծուող մարդատար շոգեկառքին երկարութիւնը 1300 մեթր է:
Այս նախագիծը առիթ կու տայ, որ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ուղեւորներու գիծը միացուի մեթրոյի «Չարբախ» կայարանին, իսկ բեռնատարը՝ «Կարմիր բլուր» կայարանին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.