2012-05-05 12:40:50

Սուրիոյ Եպիսկոպոսական Խորհուրդի Կոչը Ազգային Հաշտութեան Ի Խնդիր։


Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զինեալ ընդհարումի ու կոյր բռնութիւններու հետեւանքով կաթողիկէ 17 եպիսկոպոսներէն՝ 7 եպիսկոպոսներ, չկարողացան իրենց մասնակցութիւնը բերել երկրին մէջ տիրող անապահովութեան պատճառաւ։
Հաւաքը Հալէպ քաղաքը տեղի ունեցաւ։ Աշխատանքներուն աւարտին հովիւները պատգամ մը ուղղեցին յայտնելով իրենց մտահոգութիւնը կոյր բռնութիւններու ի տես եւ միաժամանակ հաշտութեան ու ազգային միութեան։ Մենք մեր ժողովուրդին հետ ենք, կը կարդանք պատգամին մէջ, արժանավայել կեանքի փնտռտուքով։ Նեցուկ կը կենանք ՄԱԿի առաքելութեան պատասխանատու Քոֆի Աննանին։ Վերադարձ փախստականներու եւ ապաստանեալներու, հատուցում զոհերուն։
Եպիսկոպոսները Սուրիոյ Գարիթասէն ու կաթողիկէ բարեսիրական մարմիններէն խնդրեցին օգնութեան յայտագրեր պատրաստել, ընդառաջելու՝ կարօտեալներու նիւթական, առողջապահական, ընկերային ու հոգեւոր պահանջներուն։
Պատգամը կ'եզրափակուի քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ուղղուած կոչով, որպէսզի անոնք իրենց կարելիութիւններու ու կարողութեանց չափով զօրավիգ կանգնին ու իրար զիրախ օգնեն նուաճելու ներկայ տագնապը։
Իր կարգին Հալէպի լատիններու համայնքի առաջնորդը՝ գերապայծառ Նածարօ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով դատապարտեց Հալէպի ուսանողներու սպաննութիւնը, որ կատարուեցաւ լիպիացի եւ թուրք մահմետականներու ձեռքով։
Այդ զինեալ ու ահաբեկիչ օտարները ամիսներէ ի վեր փորձեր կը կատարեն գրգռելու համալսարականները կառավարութեան դէմ, խռովութիւններ հաստատելու յոյսով Հալէպի մէջ, միակ քաղաքը որ զերծ մնացած է վարչաձեւի ու ըմբոստներու միջեւ բախումներէն։ Բնակիչները կը մերժեն բռնութիւնները։ Գերապայծառ Նածարօ նաեւ իր ելոյթով հաստատեց որ արեւմտեան մամուլը կը կեղծէ եւ կը շինէ լուրերը հիմնուելով ալ ժազիրա կամ այլ հայղորդակցութեանց միջոցներու վրայ, որոնք ֆինանսաւորուած են Քաթարէն ու Սէուտական Արաբիայէն, անոնք մահմետական հզօր սիւննիներ են եւ զօրավիգ՝ ըմբոստներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.