2012-05-05 12:37:18

Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները՝Վաղը Մայիս 6-ին։ Դժբախտ Պատահար` Հանրապետական Կուսակցութեան Հանրահաւաքին Ընթացքին։ Պայթումէն վիրաւորուած 75 Հոգի դեռ Հիւանդանոց կը Գտնուին։


Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս վերջ գտաւ 6 Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաըը։Այսօր Մայիս 5 յայտարարուած է «լռութեան օր», որը կը նշանակէ թէ ` քաղաքական քարոզչութիւնը արգիլուած է։
Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի տեղեկութեամբը ` տպուած են 2 մլն 597 հազար քուէաթերթիկ` համամասնական, եւ 2 մլն 550 հազար քուէաթերթիկ` մեծամասնական ընտրակարգի համար:
Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն կը հետեւին 31 հազար 418 ներկայացուցիչներ տեղական 53 կազմակերպութիւններէ, եւ 647 դիտորդներ ` 11 Միջազգային Կազմակերպութիւններէն ու Հայաստանի մօտ Հաւատարմագրուած Դիւնագաիտական Ներկայացուցչութիւնները ։
Մայիս 6-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն կը մասնակցին քաղաքական ինը Ուժեր , որոնցմէ 8-ը` Կուսակցութիւն, իսկ մէկը` Դաշինք:
Թէ՛ Հայաստանի միջազգային վարկը, թէ՛ ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութեանց դիրքերը, թէ՛ ներքին ճակատի վրայ Հայաստանի ժողովուրդին սեփական ապագան հայրենի հողին վրայ տեսնելու, կառուցելու ոգին, մեծապէս կախեալ է այս ընտրութիւններու ընթացքէն: Իսկապէս ռազմավարական նշանակութիւն ունի այս ընտրութիւններուն արդարութեան վարկանիշի ապահովումը, եւ միայն բարձրագոյն վարկանիշի ապահովումով կարելի է անցեալի աւերներէն ձերբազատուելու, ուժեղ պետութիւն կառուցելու ճանապարհը բանալ:

Իսկ երէկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան կազմակերպած հանրահաւաք-համերգին ընթացքին պայթած են կազով լեցուած տօնական փուչիկները: Փուչիկներու բռնկումի վայրին մէջ գտնուողները ստացած են մարմնական վնասուածքներ ու անմիջապէս տեղափոխուած Երեւանի հիւանդանոցները: Փուչիկներու պայթումէն տուժածներուն թիւը աւելի քան 75 է: Այս մասին Tert.am-ը տեղեկացած է Առողջապահութեան Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն:
Դէպքէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան ժողովուրդին յղեց հետեւեալ ուղերձը:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հանրապետութեան Հրապարակի պատահարը հարուած էր բոլորիս համար: Փա՛ռք Աստծոյ, խուսափեցինք անդառնալի հետեւանքներից: Այս պահին բոլոր տուժածները ստանում են անհրաժեշտ օգնութիւն, իսկ հետագայ վերականգնման ժամանակ, հարկ եղած դէպքում, Հայաստան կը հրաւիրուեն նաեւ լաւագոյն մասնագէտներ արտերկրից:
Իրաւապահ մարմինները սկսել են հետաքննութիւնը, մեղաւորները կը յայտնաբերուեն եւ պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուեն օրէնքով սահմանուած կարգով:
Յորդորում եմ բոլորին պահպանել սառնասրտութիւն: Աղօթե՛նք տուժածների համար եւ մաղթե՛նք բոլորին շուտափոյթ ապաքինում»:








All the contents on this site are copyrighted ©.