2012-05-05 12:41:32

Կրօնուսուցումի Եւրոպական 12-րդ Գիտաժողով, Քրիստոնէական Նախակրթութիւնը Նոր Աւետարանութեան Հեռանկարով։


Կրօնուսուցումի եւրոպական 12-րդ գիտաժողովը Հռոմ տեղի պիտի ունենայ 7-10 մայիս նախաձեռնութեամբ՝ Եւրոպայի եպիսկոպոսական համնահաւաք դասին եւ մասնակցութեամբ՝ կրօնուսուցումի պատասխանատու եպիսկոպոսներու ու տնօրէններու։ Նախապատրաստական աշխատանքը համակարգեց ''կրօնուսուցում, դպրոց եւ համալսարան'' Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի յանձնախումբը։ Գիտաժողովին նիւթն է. ՜՜քրիստոնէական նախակրթութիւնը նոր աւետարանութեան հեռանկարով՝՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով 7-16 տարեկան մանուկներու եւ անչափահասներու վրայ։
Կրօնուսուցումի եւրոպական 12-րդ գիտաժողովը նախապատրաստութիւն մըն է յառաջիկայ հոկտեմբերի նոր աւետարանութեան եպիսկոպոսական սիւնոդոսի եւ հաւատքի տարւոյն, ինչպէս նաեւ 20րդ տարեդաձը կաթողիկէ կրօնուսուցումի հրատարակութեան` Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ եւ 50-րդ տարեդարձը Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի բացման։








All the contents on this site are copyrighted ©.