2012-05-05 12:37:40

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Շնորհաւորական Ուղերձը՝ Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանուրական ԱբբաՀօր։


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը 2 Մայիս 2012 թուակիր նամակով շնորհաւորեց
Գերապայծառ Հայր Եղիա Թ.Ծ.Վ. Քիլաղպեանը անոր Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդահանուր Աբբահայր վերընտրուելուն առթիւ, Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքը իր շնորհաւորագրին մէջ գրած է. ՜՜Առաջնորդուած Աստուծոյ Խօսքէն, սուրբ Հոգիին ներշնչումներէն եւ Եկեղեցւոյ ցուցմունքներէն, երկար պատրաստութենէն ետք, 11-էն 15 Ապրիլ, Մխիթարեան Միաբանութիւնը հաւաքուեցաւ Ընդհանուր Ժողովով ընտրելու համար Մխիթարի յաջորդն եւ Հայ Կաթողիկէ կենսունակ վանականութեան ամրոց՝ սուրբ Ղազարի աղօթաբոյր կղզիին Վանահայրը, նոր թափով եւ վերամշակուած Սահմանադրութեամբ: Սրտանց կը շնորհաւորենք Մխիթարեան հայրերը, որ ձեր անձին մէջ գտան քաղցրաբարոյ հայրը, որ ո՛չ միայն Միաբանութեանդ պիտի տայ լոյս եւ նոր շունչ, այլ նաեւ Հայ ազգին պիտի հաղորդէ կրօնաւորի յատուկ քրիստոնէական փորձառութիւնը՝ ի դէմ նոր աւետարանացման մարտահրաւէրին, եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիին պիտի վերընծայէ հայկական երանգով մխիթարեան մշակութասէր հոգեւորականութիւնը՝՝:
՜՜Սիրելի Աբբահայր (կը կարդանք նամակին մէջ) Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի մայրավանքին մէջ հաւաքուած Ընդհանուր Ընտրական Ժողովի արդիւնքը մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոներու Սիւնոդհոսին համար, որուն ձեր մասնակցութեամբ պիտի ներդրէք կրօնաւորի աւետարանական հոգին, եւ միասին պիտի սնուցանենք հայ հաւատացեալները, առաջնորդելով զանոնք դէպի դալար դաշտեր: Կը շնորհաւորենք նաեւ ձեր աջակիցները, աթոռակալ՝ հայր Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեանը, Վիեննայի տեղական աբբահայր եւ ընդհանուր խորհրդական՝ Գերապայծառ հայր Պօղոս Թ.Ծ.Վ. Գոճանեանը, հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեանը՝ ընդհանուր քարտուղար, հայր Համազասպ վրդ. Քէշիշեանը՝ խորհրդական, եւ ընդհանուր գործակալ՝ հայր Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Սերէնեանը:
Սրտանց կը մաղթենք, որ ձեր վարչականներուն հետ միասին շարունակէք առաջնորդել Մխիթարի որդիները աւետարանական կեանքի լուսաշող ճանապարհին վրայէն, ընդառաջ երկնաւոր Փեսային: Աղօթքով եւ հայրական օրհնութեամբ՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.