2012-05-04 13:01:17

Վատիկանեան Հակիրճ Տեղեկութիւններ։


Քահանայապետական Առողջապահութեան Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ 4 եւ 5 Մայիսին տեղի կ'ունենայ աչազուրկերու նուիրուած միջազգային համագումար մը, որ ունի որպէս նպատակ, ուսումնասիրել եւ խորացնել աչազրկութեան խնամքի ու կանխատեսութեան կարելիութիւնները, առողջապահութեան արդի տուեալներու ակնկալութեամբ ու հեռանկարով, եւ միաժամանակ սերտել աչազուրկերու հովութեան երեւոյթները։ Խորհրդաժողովին ելոյթ պիտի ունենան աստուածա-հովուական, գիտա-բժշկական, դաստիարակչական ու ընկերային հարցերու հմուտ անձնաւորութիւններ։ Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց Սուրբ Աթոռի Քահանայապետական Առողջապահութեան խորհուրդի նախագահը՝ Կարտինալ Զիկմունթ Զիմովսքին։

Հռոմի Տոմինիքեան հայրերու Միաբանութեան Անճէլիքում համալսարանի մէջ, ու նախաձեռնութեամբ՝ սոյն համալսարանի Մաթէր Էգլէզիէ կրօնական գիտութեանց մասնաճիւղին, տեղի կ՛ունենայ << փոփոխութիւն եւ անհամաձայնութիւն։ ընտանիքը մարդկութեան Ժառանգութիւն. Իրական երկիր, պետականութիւն, հասարակաց բարիք եւ կրօնական փորձառութիւնը>> վերտառութեամբ Սէմինարի 5րդ նիստը։ Այսօրուայ հանդիպման ընթացին շօշափուած նիւթն է <<Աստուածաշունչի մօտեցումը ընտանիքի հարցանդրանքներուն>> ։

Իտալիոյ Թորինօ Քաղաքին մէջ այսօր երեկոյեան երկու արարողութիւններով կը նշուի Սուրբ Վարշամակի Տօնը։ Ժամը 17.30-ին Ժամասացութեան աղօթք ու Սուրբ Պատարագ ու ապա ժամը 21-ին համերգ։








All the contents on this site are copyrighted ©.