Պուլկարիոյ Մէջ Քննարկուած՝ Միջնադարեան Հայկական Եկեղեցիին Հարցը։
Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան Մայիս 3-ին տեսակցած է Վելիկոյ Տրնովոյի
քաղաքապետ Տանիէլ Փանովի հետ: Այս տեսակցութեան նպատակն էր ուշ միջնադարուն կառուցուած
եւ 20-րդ դարու սկիզբին փլուզուած հայկական եկեղեցւոյ յետագայ ճակատագրի խնդիրը: Հողակտորը,
որուն մէկ մասին վրայ կը գտնուին եկեղեցւոյ փլատակները` 2008 թուականին գնուած է պուլկար
գործարարի մը կողմէ: Ըստ ՀՀ դեսպանութեան եւ Վելիկոյ Տրնովոյի քաղաքապետին միջեւ ձեռք
բերուած համաձայնութեան, տեղական իշխանութիւններու եւ սեփականատիրոջ կողմէ միջոցներ
ձեռք կ'առնուին Հայկական Եկեղեցւոյ փլատակները քաղաքի պատմամշակութային Յուշարձանի վերածելու
ուղղութեամբ: